
Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի Նախարարներու Հանդիպում՝ Կիպրոսի մէջ
Երեքշաբթի՝ Յունիս 4-ին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարներու՝ Զօհրապ Մնացականեանի, Եորղոս Քաթրուկալոսի եւ Նիքոս Խրիսթոտուլիտիսի միջեւ եռակողմ հանդիպումը՝ Նիկոսիոյ մէջ, կը հաղորդէ «Ազատ օր»-ը։
Հանդիպումը կը միտէր ամրապնդելու երեք երկիրներու միջեւ գործակցութիւնը, յատկապէս՝ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման համար, տարածաշրջանէն ներս։
Շրջանային հարցերու քննարկումը կազմեց հանդիպման գլխաւոր օրակարգը, որուն վրայ մանրամասնօրէն քննուեցան արեւելեան Միջերկրականի զարգացումները, Թուրքիոյ ապօրէն քայլերը եւ սպառնալիքները՝ կիպրական ուժանիւթի ազատ գօտիին նկատմամբ, Կովկասի եւ արեւմտեան Պալքաններու կացութիւնը, Հայաստանի կապերը եւ գործակցութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի եւ սփիւռքներու կարգ մը հարցեր։
Նախարարական մակարդակի վրայ այս առաջին հանդիպումին որպէս շարունակութիւն, կողմերը պիտի ճշդեն իրենց յետագայ քայլերը, եռակողմ գործակցութեան բոլոր ոլորտներէն ներս։
Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարը առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Հայաաստանի եւ Յունաստանի իր պաշտօնակիցներուն հետ։