Երկօրեայ Գիտաժողով` Նուիրուած Լեւոն Շանթին

Այլեւայլ, Հայաստան

Յովհաննէս Թումանեանի, Կոմիտասի 150-ամեակներուն զուգահեռ այս տարի կը նշենք նաեւ Լեւոն Շանթի եւ Երուանդ Օտեանի 150-ամեակները:

Մայիս 29-ին Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկին մէջ Լեւոն Շանթին նուիրուած գիտաժողով կազմակերպուած է։ Գրականագէտները կը նշեն, որ Շանթ իր թողած ժառանգութեամբ, գրական արժէքով  չի զիջիր ոչ Թումանեանին, ոչ Կոմիտասին, պարզապէս քիչ ուսումնասիրուած է եւ անոր անունը հազուադէպ շրջանառուած է:

Շանթի ստեղծագործութիւնները թէ ժանրային եւ թէ թեմատիկ լայն ընդգրկումով ունին , որ եզակի երեւոյթ է հայ գրականութեան մէջ: Ան գրած է չափածոյ, արձակ, թատերգութիւններ, գիտական գործեր, ծաւալած է մանկավարժական գործունէութիւն: Ստեղծագործական այս բազմազանութիւնը Գրականութեան հիմնարկը  ամբողջացուցած է Շանթի ակադեմիական երկերու 9 հատորեակի մէջ:

Գրականագէտներու խօսքով, Շանթի ստեղծագործութիւնը հայ գրականութեան անմահ էջերէն է եւ ուսումնասիրութեան մեծ նիւթ ունի ընթերցողներու եւ հետազօտողներու համար: Գիտաժողովը պիտի շարունակուի նաեւ այսօր: