Փաշինեան Հանդիպած է Նազարպաեւի Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

 Աշխատանքային այցով Ղազախստան գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 28-ին հանդիպած է Ղազախստանի առաջին նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւին:

Ողջունելով Հայաստանի վարչապետը` Նուրսուլթան Նազարպաեւ ըսած է, որ Ղազախստանի ու Հայաստանի միջեւ երբեք որեւէ խնդիր չէ եղած, ունեցած են լաւ յարաբերութիւններ: Հայկական սփիւռքը կամուրջ կը հանդիսանայ, այստեղ ապրող հայերը մեր քաղաքացիներն են` ղազախստանցիներ են: Վերջին շրջանին մեր երկիրներու միջեւ առեւտուրը  աճած է, բայց վատ hամակարգումի պատճառով ան կը տուժէ: Մենք փոխանակելու բան ունինք. այն, ինչ դուք ունիք, մենք չունինք, ինչ մենք ունինք, դուք չունիք, այդ իսկ պատճառով այդ ուղղութեամբ պէտք է աշխատիլ»:

Հայաստանի վարչապետը իր հերթին ըսած է. «Բոլորին քաջ յայտնի է, որ Դուք առաջարկեցիք Եւրասիական համարկումի գաղափարը: Այս տարի կը լրանայ այդ իրադարձութեան 25-ամեակը եւ ԵԱՏՄ ստեղծման մասին պայմանագրի 5-ամեակը: Ի հարկէ, մենք մեծ յուզումով կը հետեւինք իրադարձութիւններուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Ղազախստանի մէջ, եւ այն մեծ քաղաքական փոփոխութիւններուն, որոնք Դուք նախաձեռնած էք: Մենք համոզուած ենք, որ այն, ինչ Դուք նախաձեռնած էք, կը կատարուի ի շահ Ղազախստանի եւ ղազախ ժողովուրդի: Ի հարկէ, Սահմանադրութեամբ Դուք կը շարունակէք մնալ ազգի առաջնորդը, եւ Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահը: Դուք կը շարունակէք աշխոյժ դերակատարում ունենալ ԵԱՏՄ-ի մէջ, եւ վաղը մենք այդ մասին համապատասխան որոշում պիտի ընդունինք: Ի սկզբանէ ես կը պաշտպանէի այդ գաղափարը, եւ վստահ եմ, որ Ղազախստանի նոր նախագահին հետ մենք պիտի ունենանք նոյնպիսի ջերմ եւ կառուցողական յարաբերութիւններ»:

 Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր Սուլթանի մէջ Մայիս 29-ին Նիկոլ Փաշինեան կը մասնակցի Բարձրագոյն Եւրասիական  տնտեսական խորհուրդի հերթական նիստին: