Տօնոյեան Ռուսական Ընկերութեան Հետ Քննարկած է Ռազմաճարտարագիտական Գործակցութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Օգոստոս 21-ին,«Արմիա 2018» միջազգային ռազմաճարտարագիտական ցուցահանդէսին եւ «Ազգային անվտանգութեան շաբաթ» համաժողովին ծիրէն ներս՝ հանդիպած է «Ռոսապարոնէքսփորթ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ալեքսանդր Միխէեւի հետ։Այս մասին կը յայտնէ նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը նաեւ քննարկած են ռազմաճարտարագիտական գործակցութեան ընթացիկ հարցեր։

Նշենք, որ ՌԴ պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար Սերգէյ Շոյկուի հրաւէրով, Օգոստոս 21-26, ՌԴ Մոսկուայի մարզին մէջ կայանալիք «Արմիա 2018» միջազգային ռազմաճարտարագիտական ցուցահանդէսին եւ «Ազգային անվտանգութեան շաբաթ» համաժողովին բացման մասնակցելու նպատակով՝ աշխատանքային այցով Մոսկուա մեկնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

 

Leave a Reply