Վրաստանի Մէջ ՀՀ Դեսպանութեան Դիւանագէտներն Այցելեցին Թիֆլիսահայ Վեթերաններուն
Մայիս 9-ին, Հայրենական Մեծ պատերազմին տարած յաղթանակին առիթով, Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան դիւանագէտները այցելեցին Թիֆլիս բնակող հայ վեթերաններ Օֆելիա Կարապետեանին, Խաժակ Եփրիկեանին եւ Աղուան Սարոյեանին եւ նուէրներ փոխանցեցին անոնց: Այս մասին կը յայտնեն Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մամլոյ ծառայութենէն։
Վեթերանները հետաքրքրական պատմութիւններ պատմեցին իրենց անցած մարտական ուղիի ու քաջագործութիւններու մասին եւ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայաստանին` իրենց յիշելու եւ մեծարելու համար:
Տեղեկանք․ Օֆելիա Կարապետեան ծնած է 1926 թ․: Աշխատած է Թիֆլիսի զինագործարանին մէջ, աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է թիկունքային աշխատանքներուն, որուն համար արժանացած է շարք մը պարգեւներու:
Խաժակ Եփրիկեան իր 101-ամեակը բոլորած է օրեր առաջ: Մարտնչած է Հիւսիսային Կովկասէն մինչեւ Ուքրանիա երկարող մարտադաշտերուն մէջ: Վեց տասնամեակէն աւելի Եփրիկեան Հայոց լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է Թիֆլիսի հայկական դպրոցներուն մէջ: Խաժակ Եփրիկեան վիրահայ ընթերցողին քաջածանօթ հեղինակ է, Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան անդամ: Մինչ օրս ալ կը ստեղծագործէ:
Նշենք, որ նոյն օրը, Խաժակ Եփրիկեանը շնորհաւորելու եկած էր նաեւ Թիֆլիսի Կրծանիսի թաղամասի ղեկավար (Գամգեբելի) Լեւան Ջափարիձեն:
Աղուան Սարոյեան ծնած է 1926 թ․ Լենինական: Երիտասարդ տարիքին տեղափոխուած է Թիֆլիս, ուր կ՛ապրի մինչ օրս: Ան եւս աշխատած է Թիֆլիսի զինգործարանին մէջ եւ կատարած է թիկունքային մեծ աշխատանք:
Աղուան Սարոյեան 80 տարի է աղաւնիներ կը պահէ եւ կը համարուի Անդրկովկասի ամենայայտնի աղաւնի պահողներէն մէկը: Ան այսօր ալ մեծ սիրով կը զբաղուի իր սիրելի գործով եւ կը նշէ, որ ատիկա է, որ զինք առոյգ կը պահէ: Ան այժմ ունի 200 աղաւնի, որոնց մէջ կան իւրայատուկ տեսակներ:
Ցաւով տեղեկացնենք, որ Սերգօ Միրզոյեան, որուն դեսպանութեան դիւանագէտներն այցելած են նախորդ տարուան մայիս 9-ին, մահացած է 92 տարեկան հասակին:
Սերգօ Միրզոյեան գնդապետ էր, Հայրենական Մեծ պատերազմին Վրաստանէն ռազմաճակատ մեկնած ամենաերիտասարդ կամաւորականը եղած է (16 տարեկան): Մասնակցած է մարտական գործողութիւններուն Պելառուսիոյ, Ուքրարանիոյ եւ Արեւելեան Պրուսիոյ մէջ: Հայրենիքի պաշտպանութեան եւ զինուորական ծառայութեան իրականացման ժամանակ ցուցաբերած անձնական արիութեան համար արժանացած է երեք շքանշաններու:
