Շուշիի Յաղթանակը Շրջեց Ուժերու Յարաբերակցութեան Թիւրըմբռնումը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Գանձասար»-ի խմբագրական

8-9 Մայիսին կը տօնենք Շուշիի ազատագրումը, որպէս արցախեան ազատամարտին մէջ բեկումնային փոփոխութիւններու սկիզբը ազդարարող յաղթանակ:

Այս յաղթանակը կը պարտինք հայ ազատամարտիկներուն, որոնք պայքարի անկոտրում կամքով ու կորովով իրենց մարտական հմտութիւնը ի սպաս դրին յարաբերաբար աւելի մեծ թիւ ու զինուորական կարելիութիւններ ունեցող ատրպէյճանական բանակը ետ մղելու եւ ռազմավարական դիրք վայելող հայկական Շուշին ազատագրելու պատերազմին:

Շուշիի ազատագրումով ողջ հայ ժողովուրդը հոգեփոխուեցաւ, ուժ կուտակեց, որովհետեւ այս դրական տեղաշարժով ուրուագծուեցաւ արցախեան պայքարի յաղթանակին առաջնոդող ուղին:
Շուշին շրջեց այն թիւրըմբռնումը, թէ պատերազմներուն ընթացքին յաղթական դուրս կու գան մեծ թիւ ու ռազմական կարելիութիւններ ունեցող բանակները, եւ հաստատեց Արցախի ծնունդ Նիկոլ Դումանի հետեւեալ խօսքը. «Երբ անհաւասար ուժի դէմ ես պայքարում, պէտք չէ սովորական եւ հաւասար զէնքով պայքարես: Ընտրիր մի զէնք, որ հակառակորդդ յանկարծակիի բերես: Եւ եթէ չունես այդ զէնքը, պէտք է հնարես»:

Արցախի հերոսները հնարեցին այդ զէնքը, որովհետեւ հայրենի հողին համար կը պայքարէին, մինչդեռ թշնամի բանակին զինուորագրեալները յարձակումներ կը շղթայազերծէին տարածք գրաւելու եւ Արցախի ժողովուրդը ազատազրկելու համար:

Հաւանաբար այս է հիմնական տարբերութիւնը կորովով ու նուիրումով պայքարողին եւ ատելութեան մղումով յարձակողին միջեւ. բնականաբար յանուն ազատութեան պայքարողն է, որ իր կեանքը զոհաբերելու գնով յաղթանակի ճամբան կը բանայ, թէկուզ՝ քայլ առ քայլ: Շուշիի պատգամը լաւագոյնս կը հաստատէ այս իրողութիւնը:

Այդ յաղթանակը պահպանելու ու աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումներուն լոյսին տակ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան դէմ ծառացող մարտահրաւէրները լուսարձակի տակ պահելու իմաստով, Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական տարբեր ուժերը «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք»ի ֆորումի մը հրաւիրելու ՀՅԴ նախաձեռնութիւնը, Շուշիի ազատագրութեան տօնի նախօրէին, նոր անկիւնադարձի մը կը նախապատրաստէ արցախեան հիմնահարցին արդար լուծման գործընթացը:

Դաշինքը, որպէս երկու անկախ հանրապետութիւններու միջեւ կնքուող օրինական համաձայնագիր, բնականաբար պիտի ձերբազատէ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները Արցախի աջակցութեան ամէն տեսակի կաշկանդումներէն եւ իրաւական հիմք դառնայ յատկապէս արցախեան հիմնահարցի դիւանագիտական գործընթացի տարբեր փուլերուն:

Պայքարի դաշտին վրայ քաղաքական, գաղափարական ներքին տարակարծութիւններն անգամ կը ծառայեն, անհրաժեշտ է որ ծառայեն, մեր հայրենիքի սահմաններուն, մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութեան, առանց զիջելու զարգացման ուղիներու որոնման: Այդպիսի զարգացումն է նաեւ, որ պիտի երաշխաւորէ Արցախի մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն: Գաղտնիք չէ, որ բանակցութեան կը նստին ուժեղին, յաղթողին հետ: Արցախը յաղթական դուրս եկած է անհաւասար ուժերու պատերազմէն: Այդ յաղթանակը նսեմացնող բոլոր փորձերուն դէմ պայքար յայտարարած է հայկական կողմը փաստօրէն:

9 Մայիսին այդ պայքարը ամրագրելու պատգամը թելադրական շեշտադրումով կը հնչէ Շուշիէն, Արցախի Հանրապետութենէն ու Եռաբլուրէն: