Հալէպի Մէջ, «Մայրերու Օր»-ուան Աւանդական Հանդիսութիւն՝ Նուիրուած Հայ Կին Խմբագիրներու

Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան, Հինգշաբթի, 28 Մարտ 2019-ի յետմիջօրէի ժամը 4։00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՍՕ Խաչի «Մայրերու Օր»ուան աւանդական հանդիսութիւնը, որ նուիրուած էր հայ կին խմբագիրներու եւ ՀՕՄ-ի «Հայ Սիրտ» պաշտօնաթերթի 80-ամեակին։

Ներկաները 1 վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը մեզմէ առյաւէտ բաժնուած խաչուհիներուն, ապա բեմը բացուելով անոնք պահ մը իրենք զիրենք գտան 225 տարուան յաղթական ճանապարհ կտրած հայ մամուլի առաջատար թերթերու պուրակի եզրին, ուր իր արժանաւոր ներկայութիւնը կը յուշէր ՀՕՄ-ի պարբերաթերթը՝ 80-ամեայ «Հայ Սիրտ»ը։

Ձեռնարկը բացուեցաւ Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեանի ասմունքով, որ իւրայատուկ կատարումով ներկայացուց Վահէ Հայկի «Կաթիդ Փարան Չմոռնաս, Մամա՛» եւ Յ. Շիրազի «Կշիռք» կտորները։Ապա հանդիսավար Թալին Մինասեան հրաւիրեց պետական վարչութեան անդամ Մարալ Սեմէրճեանն ու Շրջ. Վարչութեան անդամ Մարալ Տիքպիքեանը յաջորդաբար արտասանելու բացման խօսքերը։

Մարալ Սեմէրճեան արաբերէն իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ մօր վսեմ դերին, դիտել տալով որ ան իր զոհողութիւններով դարձած է առաջին դպրոցը՝ դաստիարակելով եւ կըրթելով իր զաւակները բարձր արժանիքներով, որպէսզի ծառայեն իրենց շրջապատին ու հայրենիքին։ 100-ամեայ ՍՕԽ-ի ուղին եւս եղած է ծառայութեան ուղի, ուր այս կազմակերպութիւնը մօր մը հոգատարութեամբ ջանացած է հասնիլ ժողովուրդի կարիքներուն, հակառակ վերջին տարիներու ծանր պայմաններուն ու իր կեդրոնին կրած վնասներուն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՍՕ Խաչին սատարող բոլոր կողմերուն, մասնաւորաբար երկրիս վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին ու համեստափայլ Առաջին Տիկնոջ՝ Ասմա ալ Ասատին, որոնց հետ հանդիպելու պատուաբեր առիթը ունեցած է ՍՕ Խաչը մէկ տարի առաջ։

Մարալ Տիքպիքեան հայերէն խօսքով յայտնեց, որ ՍՕ Խաչի «Մայրերու Օր»ուան հանդիսութիւնը նուիրուած է հայ կին խմբագիրներուն, առ ի հետեւումն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հռչակած «Հայ Մամուլի Տարուան»։ Այս առիթով ան պատմական տուեալներով ներկայացուց հրատարակման փուլերը «Հայ Սիրտ»ին, որ 1939-1956 հրատարակուած է «Հայ Կարմիր Խաչ» անունով, ՀՕՄ-ի 36-րդ Պատգամաւորական ժողովով մկրտուած՝ «Հայ Սիրտ» անունով, իսկ Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն շրջան մը դադրած է հրատարակուելէ։ Թերթը նշանակալի դեր ունեցած է հայ կնոջ զարգացման մէջ, անոր միջոցով հայ կինը ծանօթացած է նաեւ ՀՕՄ-ի աշխարհացրիւ մասնաճիւղերու գործունէութեան։

Այնուհետեւ, գեղարուեստական յայտագիրով՝ հանդէս եկան Անժելլա Յակոբեան (դաշնամուր) եւ Տեսիլ Սարեան (ջութակ), ներկաներուն հրամցնելով Արամ Խաչատուրեանի «Օրօր»ը եւ Առնօ Պապաջանեանի «Էլէկիա»ն։Ապա Ռիթա Տիքպիքեանի, Մարիա Փայասեանի եւ Օսիկ Օգճեանի կողմէ փոխն ի փոխ ներկայացուեցաւ ծաղկաքաղ մը հայ կին խմբագիրներու, որոնք 1862-էն սկսեալ խմբագրած եւ հրատարակած են զանազան թերթեր, յաճախ դժուար պայմաններու տակ եւ իրենց ակնառու դրոշմը ձգած են հայ մամուլի երթին մէջ։

Այսպէս՝ Էլպիս Կեսարացեան, Մարի Պէյլէրեան, Կատարինէ Լիսեցեան, Սոֆիա Մսիրեանց, Հայկանոյշ Մարք, Նուարդ Հալլաճեան, Սիրան Զարիֆեան, Մատլէն Եավէր, Զապէլ Եսայեան, Նուարդ Ափինեան եւ Սրբուհի Տիւսաբ։Գեղարուեստական յայտագիրին երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ Եղիա Քիլէճեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռաֆֆի Պալեանի, մեկնաբանելով Ալեքսան Աճէմեանի «Իմ Մայրիկ» եւ Գէորգ Էմինի «Տուն Իմ Հայրենի» երգերը։

Ապա, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Հռիփ Կանանեանը՝ արտասանելու Շրջ.Վարչութեան խօսքը։ Ան ողջունեց մայրերը, անոնց մաղթելով քաջառողջութիւն եւ կամքի զօրութիւն, որպէսզի սիրով ծառայեն ազգին։ Կանանեան կոչ ուղղեց կիներուն, որ հայ եկեղեցւոյ եւ կազմակերպութիւններու կողքին նախանձախնդրութեամբ ստանձնեն ազգի ու համայնքի յաւերժութիւնը ապահովող իրենց պարտականութիւնը եւ իրարօգնութեամբ նպաստեն նոր սերունդի հոգեմտաւոր կերտումին, միաժամանակ պահանջելով կնոջական իրաւունքները։ Ան յիշեցուց, որ Սուրիոյ տագնապի բոլոր փուլերուն ՍՕ Խաչը կանգնեցաւ գաղութի զաւակներուն կողքին, ամոքեց անոնց ցաւը եւ օգնութիւն ցուցաբերեց կարիքաւորներուն ու պիտի շարունակէ իր 100-ամեայ երթը համաձայն ՀՕՄ-ի ծրագիրերուն։ Հռիփ Կանանեան, այնուհետեւ, մէկ առ մէկ յիշատակեց Արամ Ա. Վեհափառի հռչակագրերուն խորագրերը, որոնք 2006-էն ի վեր իբրեւ ուղեցոյց կը նպաստեն հայ գաղութներու կեանքին՝ մղելով բոլորս այդ ուղղութեամբ աշխատելու եւ բարելաւելու մեր որակը։ Վերջին հռչակագիրը հայ մամուլին նուիրուած ըլլալով, ներկաներուն բաշխուեցաւ «Գանձասար» շաբաթաթերթի Մարտ Դ. թիւը՝ որպէս նուէր։

Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրուեցան ՍՕ Խաչի շարքերէն ներս 30 եւ աւելի տարիներու բեղուն ծառայութիւն ունեցած հետեւեալ խաչուհիները՝ ստանալու համապատասխան գնահատագրեր.-Այտա Արոյեան, Նելլի Փուշմանեան, Սիւզի Տէկիրմէնճեան, Անի Ազէզեան, Մատլէն Փաթանեան, Անժէլ Գանտիլեան, Լիզա Պարսումեան, Հելէն Աւագեան, Սոնա Թէնէքէճեան, Հուրի Մաղաքեան, Ժանէթ Գույումճեան, Սիլվա Թովմասեան, Արփինէ Գույումճեան, Սիրարփի Ճինճեան, Մարալ Գալուստեան, Արտեմիս Գրիգորեան, Սալբի Ալեքսանեան, Լուսին Էքմանեան, Սեդա Օհանեան, Թագուհի Չիմոյեան, Լուսին Դերձակեան, Զեփիւռ Լալէեան, Անահիտ Տ. Յովհաննէսեան, Մակի Մելքոնեան, իսկ Արսինէ Գաբրիէլեան անցեալ տարի ճամբորդած ըլլալով այս տարի ստացաւ։

Օրուան եզրափակիչ պատգամը տուաւ Տ. Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեան։ Ան գնահատեց ՍՕ Խաչը այս իմաստալից ձեռնարկին համար, ապա Սրբազան Հօր օրհնութիւնը փոխանցեց ներկաներուն, թելադրելով, որ մայրերը իրենց առաքելութիւնը բծախնդրօրէն շարունակեն՝ յանուն գալիք սերունդներու առողջ դաստիարակութեան։ Ան ըսաւ. «Հայ Մայրը մեր տիպարն է, որ պատրաստ է ամէն դժուարութիւններու կուրծք տալու, եւ ի զուր չէ որ հայերս աստուածացուցած ենք մայրը Անահիտ դիցուհիին կերպարով»։

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Քահանայ Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով ու ՍՕ Խաչի քայլերգով։

Մարալ Տէրեան-Մանուէլեան

«Գանձասար», Հալէպ