Սուրիա Մեկնած Հայկական Ջոկատը Մեր Պատմական Պարտքը Կը Վերադարձնէ Այդ Երկրի Ժողովուրդին. Փաշինեան

Հայաստան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի հարթակէն յայտարարեց, որ Սուրիա առաքելութիւն ուղարկելով Հայաստան՝ պատմական պարտքն է, որ կը վերադարձնէ այդ երկրի ժողովուրդին:

«Հայ բժիշկներն այդ երկրին մէջ արդէն 100-է աւելի բժշկական միջամտութիւն ըրած են: Եթէ հայ բժիշկը այսօր այնտեղ փրկած է մարդու մը կեանքը, որուն պապը 1915 թուականին Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ մեր մէկ հայրենակցին օգնած է՝ բաժակ մը ջուր տուած է կամ կտոր մը հաց, ես կը համարեմ, որ մենք ատով մեր պատմական պարտքը կը վերադարձնենք Սուրիոյ ժողովուրդին», -ըսաւ վարչապետը:

Ան նշեց, որ սուրիական ականապատուած տարածքներուն վրայ երեխաներ կը վազվզեն ու կը խաղան, եւ հայ սակրաւորները, ականազերծելով այդ տարածքները՝ կը փրկեն իրենց պապերուն փրկած մարդոց ժառանգորդները:

Փաշինեան ընդունեց, որ խաղաղապահ առաքելութիւնը ունի նաեւ վտանգներ:

«Սակայն ան կը մեծցնէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու միջազգային մասնիկ ըլլալու ընկալումը: Ատով այս առաքելութիւնը բարոյապէս, մարդկայնօրէն ու քաղաքականապէս ճիշդ առաքելութիւն է», – ըսաւ ան:

Նշենք, որ Հայաստան 83 անձերէ բաղկացած հայ մասնագէտներու խումբ ուղարկած է Սուրիա: Խումբի կազմին մէջ են ականազերծողներ, բժշկական անձնակազմ եւ մասնագէտներու անվտանգութիւնը ապահովող զինուորներ: