35 Քոնկրեսականներ Կ՛աջակցին Հայաստանին Եւ Արցախին 100 Միլիոն Տոլարի Աջակցութիւնը Ապահովելու Առաջարկին

Աշխարհ, Հայաստան

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Մարտ 27 թուակիր հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ 35 քոնկրեսականներ միացած են Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրանք Փալոնին՝ կոչ ընելով Ներկայացուցիչներու տան Յատկացումներու յանձնախումբի Պետական, արտաքին գործողութեանց եւ յարակից ծրագիրներու ենթայանձնախումբի ղեկավարութեան, որ վաւերացնէ 2020-ի պետական ամավարկին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն մօտաւորապէս 100 միլիոն տոլարի օժանդակութիւններ տրամադրելու առաջարկները, կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։

Փալոնին իրենց ձայնը միացուցած են՝ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ճեքի Սփիր, նոյն մարմինին փոխատենապետ Էտըմ Շիֆ եւ քոնկրեսականներ՝ Սալուտ Քարպահալ, Թոնի Քարտենաս, Ճուտի Չու, Տէյվիտ Սիսիլին, Ճիմ Քոսթա, Թի.Ճէյ. Քոքս, Մետըլայն Տին, Թետ Տէօչ, Աննա Էշու, Թուլսի Կապարտ, Ճիմի Կոմեզ, Ճաշ Կաթհայմըր, Շիլա Ճեքսըն Լի, Ռօ Խանա, Ռաժա Քրիշնամուրթի, Պարպարա Լի, Էնտի Լըվայն, Տենիըլ Լիփինսքի, Զոյի Լոֆկրըն, Սթեֆըն Լինչ, Քերըլայն Մըլոնի, Ճէյմզ ՄըքԿավըրն, Կրէյս Նափոլիթանօ, Տանըլտ Նորքրոս, Տեւըն Նունիէզ,  Քոլին Փեթըրսըն, Քեթլին Ռայս, Լինտա Սանչեզ, Ճան Սարպէյնզ, Պրետ Շըրմըն, Ալպիօ Սայըրզ, Թամ Սուզի եւ Տինա Թայթըս։

Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը հետեւեալ առաջարկները ներկայացուցած է.

– 6 միլիոն տոլար՝ Արցախի մէջ ականազերծման եւ վերականգնողնական ծրագիրներուն.

– 4 միլիոն տոլար՝ քոնկրեսականներ Ռոյս եւ Էնկըլի առաջադրած զինադադարի ամրապնդման ջանքերուն, յատկապէս՝ սահմանին վրայ կրակողներուն դիրքերը բացայայտող համակարգերու տեղադրման համար.

– 60 միլիոն տոլար՝ Հայաստանի տնտեսութեան.

– 10 միլիոն տոլար՝ ռազմական աջակցութիւն Հայաստանին.

– 20 միլիոն տոլար Երեւանի իշխանութեանց՝ Սուրիայէն եւ Միջին Արեւելքի այլ երկիրներէ Հայաստան ապաստանած գաղթականներուն նպաստելու համար.

– Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան բոլոր ռազմական աջակցութեանց սառեցում։

Քոնկրեսականները նաեւ կոչ կ՛ընեն Արցախի Հանրապետութեան հետ ազատօրէն հաղորդակցելու դէմ հաստատուած արգելքները վերցնելու, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան պաշտօնատարները եւ քաղաքացիները ազատօրէն Արցախ այցելեն։

Ներկայացուցիչներու տան Յատկացումներու յանձնախումբի Պետական, արտաքին գործողութեանց եւ յարակից ծրագիրներու ենթայանձնախումբին յղուած նամակը կարելի է կարդալ՝ այստեղ։

Յիշեցնենք, որ 12 Մարտին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Ռաֆֆի Գարագաշեան Հայաստանի եւ Արցախի տրամադրուելիք աջակցութեանց գծով վկայութիւն մը տուաւ նշեալ ենթայանձնախումբին առջեւ։ Վկայութեան տեսանիւթը կարելի է դիտել այցելելով՝ https://youtube/eN2YayuZafAկայքէջը: