
Կարօ Փայլանը Մայրենի Լեզուի Օրուան Առիթով Գրառում Կատարած է
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայ անդամ Կարօ Փայլանը, իր Facebook-ի եւ Twitter-ի էջերուն վրայ գրառում կատարած է: Բացի գրառումէն, ԺԴԿ կուսակցութեան տեսաուղերձով հայերէն ուղերձ մը յղած է. «Համառօրէն մեր մայրենին պիտի խօսինք: Պիտի խօսինք հայերէն, համշեներէն, քրտերէն, արաբերէն, լազերէն: Պիտի խօսինք, պիտի կարդանք, պիտի մտածենք մեր մայրենիով»: Իսկ հասարակական ցանցերու վրայ հրապարակած է հետեւեալ ուղերձը.
«Մայրենին` խաղաղութիւն է։
Մայրենին` արդարութիւն է։
Մայրենին` համերաշխութիւն է, հաւասարութիւն։
Մայրենին ինքնութիւն է, պատիւդ է…
Զարգացո՛ւր մայրենի լեզուդ…»