
Արայիկ Յարութիւնեան Պաշտօնազրկուած է
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան հրամանագիր ստորագրած է պաշտօնազրկել Արայիկ Յարութիւնեանը Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական – Արցախի Հանրապետութեան նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչի պաշտօնէն` իր դիմումին համաձայն:
Ըստ «Մետիամաքս»-ի՝ Արայիկ Յարութիւնեան այս պաշտօնին նշանակուած էր 2018-ի Յուլիսի սկիզբը:
Մինչ այդ ան կը զբաղեցնէր Արցախի պետական նախարարի պաշտօնը, որմէ ազատման դիմում ներկայացուցած էր 2018-ի Յունիսի սկիզբը` յայտարարելով, որ «կը ցանկայ ազատ քաղաքական գործիչ ըլլալ»:
Պետական նախարարի պաշտօնը ան կը զբաղեցնէր 2017-ի Սեպտեմբեր 25-էն: Մինչ այդ` 2007-էն ղեկավարած էր Արցախի կառավարութիւնը: