
Պիւտճէէն 104 Միլիոն Դրամ Պիտի Յատկացուի Կուսակցութիւններուն
Հինգշաբթի, 21 Փետրուարի Կառավարութիւնը նիստի օրակարգին վրայ ունէր պետական պիւտճէէն կուսակցութիւններուն գումար յատկացնելու հարցը:
Հիմք ընդունելով օրէնքները եւ Ազգային ժողովի 2018-ի ընտրութիւններուն արդիւնքներով կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներու հաւաքած ձայներու թիւի մասին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի տուեալները՝ կառավարութիւնը 2018-ի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն 3 եւ աւելի տոկոս ձայն հաւաքած առանձին կուսակցութիւններուն եւ կուսակցութիւններու դաշինքներուն գումարներ պիտի յատկացնէ:
Կառավարութեան որոշման նախագիծին համաձայն՝ «Իմ Քայլը» դաշինքին պիտի յատկացուի 78 միլիոն դրամ, ԲՀԿ-ին՝ 9 միլիոն 150.7 հազար, «Լուսաւոր Հայաստան»-ին՝ 7 միլիոն 056.7 հազար, ՀՀԿ-ին՝ 5 միլիոն 208.5 հազար, ՀՅԴ-ին՝ 4 միլիոն 303.4 հազար դրամ:
Ընդհանուր առմամբ կուսակցութիւններուն պիւտճէէն կը նախատեսուի յատկացնել 103 միլիոն 725.6 հազար դրամ: