
Հայաստանի եւ Արցախի Ղեկավարները Ցաւակցութիւն Յայտնած են Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի Մահուան Առիթով
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ցաւակցական հեռագիրներ յղած են ազգային գործիչ ու բարերար Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի մահուան առիթով։
«Այս կորուստը չափազանց մեծ է Հայաստանի, Արցախի ու աշխարհասփիւռ հայութեան համար, քանզի Տիկին Մանուկեան-Սիմոնն ամենասերտ առնչութիւնն ունէր այն ամէնուն հետ, որ կը կոչուի հայ ու Հայաստան` մշտապէս ըլլալով անոնց կողքին ու անոնց մէջ:
«Որպէս արժանի զաւակ իր ազգանուէր ծնողներուն` Հայաստանի Ազգային հերոս Ալէք Մանուկեանի եւ տիկին Մարի Մանուկեանի, որպէս Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան նախագահ ու բարերար, անոր մատուցած ծառայութիւնները Հայրենիքին, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին իրապէս բացառիկ են իրենց ծաւալներով ու բովանդակութեամբ»,-մասնաւորապէս ըսուած է նախագահին ուղերձին մէջ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցելով բարերարին մահուան առիթով «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է. «Խորը վիշտով տեղեկացայ ամերիկահայ բարերար Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի մահուան մասին: Անգնահատելի է անոր ներդրումը երկրաշարժէն տուժածներուն, Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի փախստականներուն օգնելու, ամբողջ աշխարհի մէջ հայկական մշակոյթը տարածելու եւ բարեգործական ջանքերուն համար» :
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան իր հերթին ցաւակցական հեռագիր յղած է Լուիզ Սիմոն Մանուկեանի ընտանիքին:
«Արցախի մէջ խոր ցաւով տեղեկացանք հայ ազգային բարերար, հասարակական գործիչ Լուիզ Սիմոն Մանուկեանի մահուան մասին:
«․․․Լուիզ Սիմոն Մանուկեանի անմիջական մասնակցութեամբ Արցախի մէջ իրականացուած են ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող բազմաթիւ ծրագիրներ տարբեր բնագաւառներու մէջ: Արցախցիները անսահման եւ անկեղծ յարգանք կը տածեն մեծ բարերարին նկատմամբ:
«Արցախի ժողովուրդին, իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունէն խորին ցաւակցութիւն ու զօրակցութիւն կը յայտնեմ հանգուցեալի հարազատներուն ու մերձաւորներուն․․», ըսուած է ցաւակցական հեռագիրին մէջ։