Ամերիկան Իրաւունք Չունի Թելադրելու Հայաստանին, որ Մարդասիրական Խումբ Չուղարկէ Սուրիա

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան 

Վերջերս ԱՄՆ կառավարութիւնը նոր ու աւելորդ վէճ մը ստեղծեց՝ այս անգամ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ:

Ամէն ինչ սկսաւ, երբ Հայաստանի կառավարութիւնը որոշեց Սուրիա ուղարկել 83-հոգինոց բժիշկներու, ականազերծողներու եւ այլ մասնագէտներու մարդասիրական խումբ՝ Հալէպի կարեւոր, սակայն նօսրացող հայկական համայնքին աջակցութիւն ցուցաբերելու համար։ Նախապէս Հայաստանը մարդասիրական օգնութեամբ բեռնուած չորս օդանաւ ուղարկած էր սուրիացի ժողովուրդին։

Փետրուար 8-ին, ռուսական բեռնատար օդանաւը՝ հայկական խումբը տեղափոխեց Հալէպ։ Ակնյայտօրէն, Ռուսիոյ կողմէ այս փոքրիկ դերը բաւական էր, որպէսզի առաջ բերեր պաղ պատերազմի կողմնակիցներուն զայրոյթը Ուաշինկթընի մէջ։ Փետրուար 13-ին, Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը տարածեց Պետական բաժանմունքի յայտարարութիւնը՝ քննադատելով հայկական մարդասիրական խումբին գործուղումը Սուրիա։

«Մենք չենք պաշտպաներ Սուրիոյ զինուած ուժերուն հետ որեւէ ներգրաւուածութիւն, անկախ անկէ, թէ ատիկա քաղաքացիական անձերուն աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով է, թէ ռազմական ուղղուածութեան: Մենք չենք պաշտպաներ նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ որեւէ համագործակցութիւն այս առաքելութեան նպատակով»,- յայտարարած է Պետական բաժանմունքը։

Այս յայտարարութիւնը հակադրութիւն ստեղծեց ոչ միայն Հայաստանի կառավարութեան, այլ նաեւ Հայաստանի բնակչութեան հետ, որոնց Միացեալ Նահանգները վերջին տարիներուն կը փորձէր իր կողմը գրաւել։ Աւելի կարեւոր է՝ այս սադրիչ յայտարարութիւնը զայրացուց ամերիկահայ խոշոր համայնքը։

Հայկական խումբի ներգրաւուածութիւնը Սուրիոյ մէջ հիմնուած էր քանի մը գործօններու վրայ.

1)    Սուրիոյ արաբները կարեւոր դեր խաղացած են՝ փրկութեան ապաստան տրամադրելով Հայոց Ցեղասպանութենէն կենդանի մնացածներուն, ներառեալ՝ տողերուս հեղինակի նախնիներուն։ Շատ տեղին է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը եւ համայն հայութիւնը փոխադարձեն Սուրիոյ բարեացակամութեան՝ օգնութեան հասնելով տեղի կարիքաւոր հայերուն եւ ընդհանրապէս սուրիացիներուն։

2)    Հայաստանի կառավարութիւնը մարդասիրական խումբը ուղարկած է Հայաստանի եւ Սուրիոյ կողմէ 2001-ին ստորագրուած միջպետական համաձայնագիրին հիման վրայ: Հետեւաբար, այս գործողութիւնը ոչ միայն մարդասիրական բնոյթ կը կրէ, այլեւ կը  համապատասխանէ միջազգային իրաւունքի պահանջներուն:

3)    Միւս կողմէն, Միացեալ Նահանգներ իր ռազմաօդային ուժերը եւ զինուորները Սուրիա ուղարկած է առանց Սուրիոյ կառավարութեան համաձայնութեան, ատով իսկ խախտելով բոլոր համապատասխան միջազգային օրէնքները։ Այս անօրինական գործողութիւնը կատարած է ոչ թէ Հայաստանը, այլ Միացեալ Նահանգները:

4)    Թրամփի վարչակազմը եւ յատկապէս ազգային անվտանգութեան հարցերով ռազմատենչ խորհրդական Ճոն Պոլթընը կը ձգտին Հայաստանը հեռացնել Ռուսիայէն եւ աւելի մօտեցնել ամերիկեան ազդեցութեան ոլորտին։ Ցաւօք, Սուրիոյ մէջ իր հայրենակիցներուն ուղարկուած Հայաստանի կառավարութեան մարդասիրական օգնութեան քննադատութիւնը սէր չի ներշնչեր հայերուն Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ ։ Ընդհակառակը, ատիկա կը թշնամացնէ համայն հայութիւնը։ ԱՄՆ դիրքորոշումը պարզապէս կ՝արտացոլէ Թրամփի պաշտօնեաներուն թերի գիտելիքները Մերձաւոր Արեւելքի իրողութիւններուն վերաբերեալ։ Անիմաստ է փորձել ստիպել Հայաստանին դադրեցնել մարդասիրական խումբի ուղարկումը Սուրիա, շատ լաւ գիտակցելով, որ նման ճնշումը պիտի մերժուի՝ ստիպելով ամերիկեան կառավարութեան երեւնալու թոյլ եւ անկարող։ ԱՄՆ պաշտօնեաները պէտք է իմաստութիւն ունենան հասկնալու, թէ երբ պէտք է իրենց ազդեցութիւնը գործադրեն, երբ՝ ոչ։ Տուեալ պարագային, Հայաստանի վրայ ճնշման գործադրումը հակառակ ազդեցութիւնը ունեցաւ. ատիկա ծառայեց միայն Ռուսիոյ ազդեցութեան զօրացման։ Բարեբախտաբար, նման փոքր հարցը չի կրնար վնաս հասցնել ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններուն։ Հայերը կը հասկնան, որ ԱՄՆ-ի դժգոհութիւնը աւելի շատ ուղղուած է Ռուսիոյ եւ Իրանի, քան՝ Հայաստանի: ԱՄՆ կառավարութիւնը քաջատեղեակ է, որ հայկական զօրքերը մասնակցած են միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն, ինչպէս՝ Աֆղանստանի, Իրաքի, Քոսովոյի եւ Լիբանանի:

5)    Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կորսնցուցած է իր բարոյական հեղինակութիւնը՝ դասախօսութիւն կարդալու հայ ժողովուրդին որեւէ թեմայի վերաբերեալ, հաշուի առնելով այն փաստը, որ վերջին քանի մը տասնամեակներուն ընթացքին իրար յաջորդող ԱՄՆ նախագահները հրաժարած են արտասանել Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը՝ Թուրքիոյ բռնապետական վարչակարգի ճնշումներուն տակ:

Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Աննա Նաղտալեան արձագանգեց Պետական բաժանմունքի յայտարարութեան՝ նշելով, որ «սուրիական հակամարտութեան ամբողջ ընթացքին՝ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը մշտապէս մտահոգութեամբ հետեւած է քաղաքացիական բնակչութեան, փոքրամասնութիւններու, ներառեալ՝ սուրիահայ հոծ համայնքի ճակատագրին: Հայկական հանրային կարծիքը խոր մտահոգութիւն եւ կարեկցանք դրսեւորած է  քաղաքացիական բնակչութեան տառապանքներուն եւ երկրի աւերման նկատմամբ: Խօսքը կը վերաբերի երկրի մը, որ անփոխարինելի ներդրում ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայ ժողովուրդի գոյատեւման հարցով»:

Նաղտալեան նաեւ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութեան տեղակայումը նպատակ ունի աջակցելու Հալէպի հայ համայնքին: «Ասիկա բացառապէս մարդասիրական բնոյթ ունի, կ՝առաջնորդուի միջազգային մարդասիրական օրէնքով եւ իր գործունէութիւնը պիտի  համակարգէ տեղւոյն վրայ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերող կառոյցներու եւ միջազգային գործընկերներու հետ»:

Մէկ քայլ առաջ երթալով, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան, Փետրուար 12-ին յայտարարեց, որ մարդասիրական օգնութիւնը չի բացառեր ապագային մարտական զօրքերու տեղակայման հնարաւորութիւնը Սուրիոյ մէջ: Սակայն, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արագօրէն մերժեց այդ հնարաւորութիւնը՝ նշելով, որ «մենք նման ծրագրեր չունինք»:

Ամերիկացիները, ռուսերը եւ մնացեալ բոլորը պէտք է հասկնան, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ հետապնդել իր ազգային շահերը`անկախ այլ ազգերու ցանկութիւններէն: Ոչ մէկ ճնշում կրնայ հայ ժողովուրդը ետ պահել իր սեփական նպատակներէն:

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը