Թեհրանի Մէջ Տեղի Ունեցած է Արա Կիւլերին Նուիրուած Վաւերագրական Ֆիլմի Անդրանիկ Ներկայացումը

Աշխարհ, Սփիւռք

Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած է լուսահոգի լուսանկարիչ-լրագրող Արա Կիւլերի (Արա Կիւլերեան) յիշատակին նուիրուած լուսանկարիչ-լրագրող Ճոշքուն Արալի պատրաստած «Աշխարհը այսպիսին է» վաւերագրական ֆիլմին շնորհանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Anadoluajans-ը։

Իրանցի արուեստասէրներու մէջ մեծ հետաքրքրութիւն առաջացած է Արա Կիւլերին նուիրուած ֆիլմի ցուցադրութիւնը եւ «Կորուսեալ պատմութեան յուշեր» խորագիրով ցուցահանդէսը:

Վաւերագրական ֆիլմի անուանումը վերցուած է 1986-ին Կիւլերի եւ Արալի կազմակերպած համանուն ցուցահանդէսէն:

Վաւերագրական ֆիլմին մէջ Արա Կիւլեր կը սկսի պատմել իր մանկութեան, ընտանիքի, ինչպէս նաեւ իր ասպարէզի բեկումնային պահերուն մասին: Ֆիլմին մէջ  ներկայացուած է արուեստի, գիտութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ համաշխարհային ճանաչում ունեցող անձերու հետ Կիւլերի բարեկամութեան մասին եւ անոնց կեանքէն վերցուած որոշ դրուագներ:

Վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութենէն ետք կարծիք յայտնած է «Ara Guler Universal» նախագիծի կազմակերպիչ ֆրանսացի Փաթրիս Վալեթը:

«Ֆիլմը զգացմունքային է եւ շատ յաջող: Որքան շատ բան հնարաւոր ըլլայ  ցոյց տալ մարդոց, այդքան աւելի հիանալի պիտի ըլլայ: Եւ ատիկա հնարաւոր է լուսանկարի, տեսանիւթի ու վաւերագրական ֆիլմի միջոցով»,- նշած է Վալեթ՝ շեշտելով, որ կ՝ոգեշնչուի Արա Կիւլերով:

Ճոշքուն Արալի փոխանցումով` ֆիլմը պիտի ցուցադրուի ոչ միայն Իրանի մէջ, այլեւ ցանկութեան պարագային նաեւ Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու:

Յիշեցնենք, որ Արա Կիւլեր ծնած էր 1928 Օգոստոս 16-ին, Պոլսոյ Պէյoղլու շրջանին մէջ բնակող հայկական ընտանիքի մէջ: Արա Կիւլերը կը կոչէին «Պոլսոյ աչք», «լաւագոյն լուսանկարիչ-պատմաբան» կեղծաուններով: «Դարի լաւագոյն լուսանկարիչ» տիտղոսակիր Կիւլեր լուսանկարած է այնպիսի աշխարհահռչակ մեծեր, ինչպէս՝ Պերդրան Ռասելը, Ուինսթըն Չըրչըլը, Մարք Շակալը, Ալֆրէտ Հիչքոքը, Թենեսի Ուիլիըմսը, Փապլօ Փիքասոն, Սալվատոր Տալին, Ուիլիըմ Սարոյեանը, Սերգէյ Փարաջանովը եւ այլք: Անոր լուսանկարչական աշխատանքները կը գտնուին աշխարհի շարք մը թանգարաններու, մասնաւոր եւ ազգային հաւաքածուներու մէջ: