Հրանդ Տինքի Նահատակութեան 12-րդ Տարելիցին Նուիրուած Հոգեհանգիստ Եւ Ոգեկոչական Ձեռնարկ

Սփիւռք

Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան, Կիրակի,  Յունուար 20-ին նշուեցաւ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 12-րդ տարելիցը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

Կէսօրէն ետք, ժամը 2-ին, Մոնթեպելլոյի նահատակաց յուշարձանին առջեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:

Երեկոյեան, միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ մը։ Յանուն Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, ձեռնարկին ներկայ եղաւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան:

Բացման խօսքը արտասանեց միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ՝ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան:

Ներկայ հոգեւոր հայրերը կատարեցին բացման աղօթք եւ հոգեհանգիստ՝ Հրանդ Տինքի հոգւոյն համար:

Ձեռնարկին հանդիսավարն էր միութեան հոգաբարձութեան ատենապետ՝ իրաւաբան Էտվին Մինասեան:

Յայտագիրը ունէր ոգեկոչական բանախօսութեան, գեղարուեստական եւ հարցազրոյցի բաժիններ: Խօսք առին պոլսահայ ճարտարապետ եւ հեղինակ Զաքարիա Միլտանօղլու, պոլսահայ լրագրող Հայկօ Պաղտատ եւ գաղութի ազգային գործիչներէն՝ իրաւաբան Կարօ Ղազարեան:

Ձեռնարկին ընթացքին, միութիւնը այս տարի Հրանդ Տինքի անուան «Հոգիի ազատութեան եւ արդարութեան» շքանշանը շնորհեց Զաքարիա Միլտանօղլուին:

0000Hrant-Dink-Event2