Յարգանքի Տուրք՝ Արցախի Մէջ Զոհուած Սուրիահայ Ընկերներուն

Հայաստան, Սփիւռք

Շաբաթ, 7 Նոյեմբեր 2026-ին, սուրիահայ խումբ մը պատանիներ յարգանքի տուրք մատուցած են Արցախի մէջ նահատակուած սուրիահայ հերոսներուն։ Այս մասին կը տեղեկանանք Սուրիոյ պատանեկան միութեան Facebook-ի էջէն։

Սուրիահայ պատանիները ուխտի գացած են ու յարգանքի տուրք մատուցած՝ հերոսներ՝ Յարութ Բանոյեանին, Մոսիկ Սեքլէմեանին եւ Յակոբ Ասթարճեանին նուիրուած յուշակոթողին առջեւ։

Փա’ռք ձեր հայրենասիրութեան։

Փա’ռք ձեր նուիրումին։

Եւ հազա’ր փառք ձեզի, անմահ ընկերներ։