«Ծածանե՛լ Արցախի Դրօշն ու Շարունակե՛լ Պայքարը»․ Պահանջատիրական Երթ՝ Կլենտէյլի Մէջ
Նոյեմբեր 8-ին, Կլենտէյլի (ԱՄՆ) մէջ տեղի ունեցաւ «Միասնաբար՝ յանուն Արցախի» խորագիրով պահանջատիրական հանրահաւաք՝ ի պաշտպանութիւն հայ գերիներու ազատ արձակման, արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի եւ արցախեան ընտանիքներու արդարութեան վերականգնման։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։
Հանրահաւաքը մեկնարկեց Արցախի փողոցի եւ Պրոտուէյի խաչմերուկէն, որմէ ետք մասնակիցները լուռ երթով շարժեցան դէպի Սուրբ Մարիամ Հայ Առաքելական եկեղեցի։
Երթին յաջորդեց մոմավառութիւն։
Ձեռնարկին ընթացքին Տէր Յովհաննէսը օրհնութիւն բաշխեց՝ մասնակիցները օրհնելով Սուրբ Դադիվանքի Խաչով։
Մարամասն տեսանիւթով՝
