
Սամուէլ Կարապետեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդումը Քաղաքական Պատուէր է․ Հինգ Իրաւապաշտպաններու Նախաձեռնութիւն
Հինգ իրաւապաշտպաններու նախաձեռնութիւնը յայտարարութիւն տարածած է՝ իբրեւ աջակցութիւն գործարար Սամուէլ Կարապետեանի․
«Գործարար Սամուէլ Կարապետեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը քաղաքական պատուէրի դասագրքային օրինակ է։ Առիթը հակասահմանադրական, հակաբարոյական ու ապազգային յարձակումէն Հայ Եկեղեցւոյ պաշտպանութեան մասին անոր յայտարարութիւնն է, որուն հետեւած է կառավարութեան ղեկավարին անթաքոյց Facebook-ի հրահանգը։
Այս քայլով նշուած անձը հերթական անգամ ինքզինք դուրս կը դնէ իրաւակարգէն՝ իր հրահանգը կատարող բոլոր պաշտօնեաները վերածելով առանձնապէս ծանր յանցագործութեան յանցակիցներու»։