«․․․ Էնտեղ Մարդ Չի Ապրում, Հայութիւն Չկայ, Որի Իրաւունքների Մասին Խօսենք»: Իսկապէ՞ս, Լու՞րջ․ Կարէն Խանլարի

Հայաստան, Յօդուածներ – Զրոյցներ, Սփիւռք

ՀՀ արտգործ նախարար Արարատ Միրզոյեանը, ԱԺ ամպիոնէն, 2025թ․ Ապրիլ 16-ին յայտարարեց հետեւեալը․ «Փաստ է, որ արցախահայութեան բռնի տեղահանութիւնից յետոյ եւ յատկապէս եւ նաեւ իրենց ինքնալուծարման վերաբերեալ էդ հանրայայտ փաստաթղթի հռչակումից յետոյ, էդ օրակարգը այլեւս չի կարող շարունակուել՝ էն պարզ պատճառով, որ էնտեղ մարդ չի ապրում, հայութիւն չկայ, որի իրաւունքների մասին խօսենք»:

Պատմական գիտութիւններու թեկնածու, ԻԻՀ խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Կարէն Խանլարին ՀՀ ԱԳՆ-ի յայտարարութիւններուն ի պատասխան կը գրէ․

«Իսկապէ՞ս, լու՞րջ։

Այսպէ՞ս կը լուծուին միթէ տարածքային, ինքնորոշման, ինքնիշխանութեան եւ մարդու իրաւունքներու հարցերն ու վէճերը աշխարհի մէջ։ Եթէ միրզոյեանական այս ծանծաղ ու յիմար տրամաբանութեամբ առաջնորդուէին միւս պետութիւնները, արդէն շատոնց Պարսից Ծոցի անմարդաբնակ եռեակ կղզիները, կամ ընդամէնը 37 բնակիչ ունեցող Տոգդօ զոյգ կղզիները Իրանի եւ Հարավային Քորէայի միջոցով նուիրաբերուած պիտի ըլլային Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կամ Ճափոնին: Դեռ չեմ խօսիր հնդիկներէն բռնի պարպուած՝ «Ազատ Քաշմիր»-ի մասին․․․

Արարատ Միրզոյեանը, որպէս «գլխաւոր դիւանագէտ», իրապէս այսքան ծանծաղ ու յիմար եղանակով կը տրամաբանէ առհասարակ թէ՞ մարդոց ծանծաղ ու յիմար կը պատկերացնէ։

Յ․Գ․- Միրզոյեանական սոյն տրամաբանութիւնը կ՝արդարացնէ եւ կը նուիրականացնէ տեղահանութիւնը եւ ցեղասպանական այլ գործողութիւնները, որպէս տարածքային, ինքնորոշման, ինքնիշխանութեան եւ մարդու իրաւունքներու հարցերու ու վէճերու բռնի լուծման, աւելի ստոյգ՝ վերացման արդիւնաւէտ մեթոտիկա»։