
Ըմբիշ Արսէն Յարութիւնեան Եւրոպայի Առաջնութեան Արծաթէ Մետալակիր Դարձաւ
Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Արսէն Յարութիւնեան դարձաւ Եւրոպայի առաջնութեան փոխ ախոյեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը։
Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրադիսլաւայի մէջ ընթացող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի առաջնութեան՝ 61քկ քաշային կարգի եզրափակիչին՝ Արսէն Յարութիւնեանը մրցեցաւ Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնի դրօշի ներքոյ հանդէս եկող Զաւուր Ուկուեւի հետ ու զիջեցաւ 7:5 հաշուով:
Արսէն Յարութիւնեանը Եւրոպայի առաջնութեան ախոյեան դարձած էր 2019, 2022, 2023, 2024 թուականներուն: Ան աշխարհի առաջնութիւններու եռակի պրոնզէ մետալակիր է: