Ռուբէն Վարդանեանը պաքուի Մէջ Խոշտանգման Կ՝ենթարկուի

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

2020 թ․Արցախի Հանրապետութեան դէմ ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմէն ետք պաքուի եւ ազրպէյճանական այլ քաղաքներու բանտերու մէջ կը պահուին ՀՀ քաղաքացի եւ հայ բազմաթիւ ռազմագերիներ։ Գերիներու՝ պաքուի կողմէ հաստատուած պաշտօնական թիւը 23 է, սակայն իրաւապաշտպանները ունին փաստական ապացոյցներ առնուազն 80 անձերու գերեվարման մասին։ Այս մասին, ըստ «ՀԵՏՔ»-ի, յայտարարութիւն տարածած է ԱլԳ քաղաքացիական հասարակութեան ֆորումի Հայաստանի ազգային հարթակը:

«պաքուի բռնապետութիւնը 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք կատարած է մարդու հիմնարար իրաւունքները ոտնահարող բազմաթիւ գործողութիւններ․ Արցախի խաղաղ բնակչութեան 9-ամսեայ շրջափակման, ցեղասպանական գործողութիւններու՝ ցեղական զտման եւ տեղահանութեան՝ միջազգայնօրէն ընդունուած յանցագործութիւններուն աւելցած է բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարներու՝ պաքուի մէջ ընթացող ապօրինի, արդարադատութեան ծաղր – դատավարութիւնը։ Գերիները պաքուի մէջ կ՝ենթարկուին կտտանքներու եւ հոգեբանական խոշտանգումներու, իսկ միջազգայնօրէն ճանչցուած բարերար Ռուբէն Վարդանեանի դատը վերածուած է ստալինեան հաշուէհարդարի։

Դեռ դատավարութենէն առաջ՝ ընտանիքի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին ընթացքին, Ռուբէն Վարդանեանը ներկայացուցած է իր նկատմամբ իրականացուող իրաւական եւ դատավարական անօրինութիւնները։ Այս օրերուն մարդու իրաւունքներու ամենակոպիտ խախտումներով պաքուի մէջ ընթացող դատավարական կեղծիքը զուրկ է արդարադատութեան տարրերէն․ ցուցադրաբար կ՝արհամարհուին արդար դատաքննութեան հիմնարար սկզբունքները, առկայ են բիրտ ուժի կիրառման, մարդու նուաստացման եւ լլկման երեւոյթներ։ Ռուբէն Վարդանեանը եւ միւս բոլոր պատանդներն ու գերիները շինծու դատավարութիւններով դաժանաբար կը խոշտանգուին` ազրպէյճանական իշխանութեան վրէժխնդրութեան, քաղաքական խնդիներ լուծելու եւ հայ ժողովուրդի արժանապատւութեան հաշուին ինքնահաստատուելու, հայ ժողովուրդի ազգային գիտակցութիւնը նսեմացնելու նպատակով։

Ի նշան անօրէն դատավարութեան դէմ բողոքի՝ Ռուբէն Վարդանեանը Փետրուար 20-ին հացադուլ յայտարարած է։ Փետրուար 26-ին՝ հերթական դատական նիստին ժամանակ, անոր ինքնազգացողութիւնը վատացած է, նիստը ընդհատուած է։ «Հայրս ենթարկուած է խոշտանգումներու»,- իր տեսաուղերձին մէջ կը յայտնէ Ռուբէն Վարդանեանի որդին՝ Դաւիթ Վարդանեանը եւ կոչ կ՝ընէ պայքարելու պաքուի մէջ ապօրինի պահուող հայերու ցուցադրական դատավարութիւններուն դէմ։ Սարսափելի մանրամասներ ի յայտ եկած են, որ Ռուբէն Վարդանեանի գլխուն երկաթ ամրացուցած են, սեղմած, լլկած։ Բժիշկները կը յայտարարեն, որ ստեղծուած իրավիճակը ուղիղ սպառնալիք է Ռուբէն Վարդանեանի կեանքին։ Առաջնորդուելով բժշկական վարքի սկզբունքներով եւ ՄԱԿ-ի «Խոշտանգումներու ու այլ դաժան, անմարդկային կամ նուաստացնող վերաբերմունքի եւ պատիժի դէմ» համաձայնագրով՝ անոնք անյապաղ միջամտութիւն կը պահանջեն միջազգային մարդասիրական եւ բժշկական կազմակերպութիւններուն կողմէ։

ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ շարունակուող յանցագործութիւնները բացայայտօրէն կը խախտեն միջազգային իրաւունքի, մասնաւորապէս` «Գերիներու հետ վարուելակերպի մասին» Ժընեւեան երրորդ համաձայնագրի, մարդու իրաւունքներուն վերաբերեալ դաշնագրերու եւ համաձայնագրերու չափանիշները եւ կը խարխլեն տարածաշրջանային կայունութեան ուղղուած ջանքերը։ Ուստի մենք՝ ԱլԳ ՔՀՖ ՀԱՊ անդամ կազմակերպութիւններս,

  • կը դատապարտենք պաքուի կազմակերպած շինծու դատավարութիւնները,
  • կոչ կ՝ընենք ՀՀ կառավարութեան, ՀՀ Ազգային ժողովին, ՀՀ-ի մէջ գործող բոլոր դեսպանատուներուն, Սփիւռքահայ բոլոր կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս՝ ԱլԳ ՔՀՖ-ին, ԱլԳ ՔՀՖ ազրպէյճանի ազգային հարթակին, ՄԱԿ- ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն, ԵԱՀԿ-ին, Եւրոպական Միութեան, Եւրոպայի խորհուրդին, Մեծ Եօթնեակի անդամ բոլոր երկիրներու ղեկավարներուն՝ անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու պաքուի բռնատիրական վարչաձեւի հակաօրինական քաղաքականութիւնը դատապարտելու ուղղութեամբ եւ պահանջելու Ռուբէն Վարդանեանի եւ միւս հայ գերիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, անոնց նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքի դադրեցումը եւ ազատ արձակումը,
  • կը դիմենք աշխարհի քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններուն, մասնաւորապէս՝ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն, բարձրաձայնելու այս ճչացող յանցագործութիւններուն մասին, համատեղ ջանքերով աջակցելու Ռուբէն Վարդանեանի եւ միւս հայ գերիներու իրաւունքներու վերականգնման եւ անոնց շուտափոյթ ազատ արձակման։

Մենք կը դիմենք միջազգային մարդասէր, բարերար եւ հասարակական գործիչ Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքին եւ փաստաբաններուն՝ խնդրելով անոր հասցնելու հացադուլը դադրեցնելու մեր յորդորը։ պաքուի բանտէն մեզի հասցէագրած իր իսկ մարդասիրական խօսքով՝ «ամուր մնալու, դիմանալու եւ ճշմարտութեան յաղթանակին հաւատալու» համար հարկաւոր է ըլլալ առողջ եւ շարունակել դիմակայել»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։