ՌԴ ԱԳՆ-ն Մեկնաբանած է Ռուբէն Վարդանեանի եւ Արցախի Ղեկավարութեան Նկատմամբ ազրպէյճանի «Դատավարութիւնը»

Աշխարհ, Հայաստան

ՌԴ ԱԳՆ տեղեկատւութեան եւ մամուլի վարչութիւնը, ի պատասխան «Վերելք» տեղեկատուական-վերլուծական կեդրոնի հարցման, մեկնաբանած է Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի եւ ԼՂՀ ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան այլ ներկայացուցիչներու նկատմամբ, այսպէս կոչուած, «դատավարութիւն»-ը։ Այս մասին կը հաղորդէ ABCmedia.am-ը։

«պաքուի մէջ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներով կ՝ընթանայ Արցախի նախկին ղեկավարութեան դատավարութիւնը։ Ռուբէն Վարդանեանը որոշած է հացադուլ յայտարարել՝ ի նշան բողոքի դատական զաւեշտի դէմ՝ ի պատասխան միջազգային եւ ազրպէյճանական դատավարական իրաւունքի կոպիտ խախտումներու։ Ես կը հասկնամ, որ Ռուբէն Վարդանեանը եւ Արցախի նախկին ղեկավարները Ռուսաստանի Դաշնութեան քաղաքացիներ չեն։ Բայց հաշուի առնելով հակամարտութեան կարգաւորման հարցով Ռուսիոյ երկարամեայ միջնորդութիւնը, ռուսաստանցի խաղաղապահներուն համագործակցութիւնը Արցախի իշխանութիւններուն հետ, կրնա՞յ, արդեօք, Մոսկուան օգնել ազատելու այս մարդոց, որոնց տարրական իրաւունքները այժմ կոպտօրէն կը խախտուին, իսկ ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ անոնց առաջադրուած մեղադրանքները անուղղակիօրէն կը դպչին նաեւ Ռուսիոյ»,- հարցուցած է լրատուամիջոցին թղթակիցը։

«Նախորդ ճեպազրոյցներուն ժամանակ մենք մեկնաբանած ենք այս թեման։ Ինչպէս ճիշդ նկատեցիք, նշուած անձերը Ռուսիոյ քաղաքացիներ չեն։

Վստահ ենք, որ հայ-ազրպէյճանական երկկողմ բանակցութիւններու օրակարգին մէջ մարդասիրական հարցերու ընդգրկումը պիտի նպաստէ պաքուի եւ Երեւանի միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման։

Մեր հերթին, կը հաստատենք մեր հաւատարմութիւնը Ռուսիոյ, ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն, ինչպէս այնպիսի հարցերու լուծման անհրաժեշտութեան, ինչպիսիք են փախստականներու իրաւունքներու յարգումը, մշակութային, պատմական եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանումը, մարտական գործողութիւններու ընթացքին անյայտ կորածներու որոնումը եւ կալանաւորներու փոխանակումը: Մենք պատրաստ ենք մեր ազրպէյճանցի եւ հայ գործընկերներուն տրամադրել անոնց անհրաժեշտ օգնութիւնը»,- ըսուած է ՌԴ ԱԳՆ տեղեկատւութեան եւ մամուլի բաժինի պատասխանին մէջ։