Վահան Տէրեանի Ծննդեան 140-ամեակին՝ «Տէրեանի Հետ» Խորագիրով Ձեռնարկներու Շարք

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Այս տարի կը լրանայ մեծանուն բանաստեղծ Վահան Տէրեանի ծննդեան 140-ամեակը, որուն առիթով «Տէրեան մշակութային կենտրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը եւ «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամը Փետրուար 9-ին նախաձեռնած են «Տէրեանի հետ» խորագիրով արդէն իսկ աւանդական դարձած տօնական ձեռնարկներու շարք:

Տէրեանի ընտանիքի անդամները, գրողներ ու գրականագէտներ, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ, Երեւանի Վահան Տէրեանի անուան հ. 60 հիմնական դպրոցի աշակերտները եւ անոր արուեստի բազմաթիւ երկրպագուներ իրենց յարգանքի տուրքը պիտի մատուցեն մեծ բանաստեղծի յիշատակին՝ խոնարհելով ու ծաղիկներ դնելով բանաստեղծի շիրիմին՝ Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ (ժամը` 11:00-ին): Այնուհետեւ, Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ պիտի իրականացուի մշակութային ցերեկոյթ՝ նուիրուած մեծն պոէտի կեանքին եւ գրական վաստակին (ժամը՝ 12:00-ին)։

6