
Արամ Ա․ Կաթողիկոսի Նամակը Թրամփին․ «Նպաստել պաքուի Մէջ Գերեվարուած Հայերու Վերադարձին»
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նամակ ուղղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին` կոչ ընելով միջոցներ ձեռնարկելու ազրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման համար․
Արամ Ա․ շնորհաւորած է Թրամփը երդմնակալութեան առիթով եւ նշած անոր նուիրուածութիւնը համաշխարհային խաղաղութեան: Ան վկայակոչած է Թրամփի նախորդ յայտարարութիւնները, որոնք կը դատապարտեն ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հայ բնակչութեան ցեղական զտումները, անոր աջակցութիւնը հայերու՝ իրենց հայրենիք վերադարձին:
Վեհափառը Թրամփին կոչ ըրած է միջամտելու եւ հասնելու հայ գերիներու անյապաղ ու անվերապահ ազատ արձակման, ներառեալ՝ Արցախի նախկին առաջնորդներու, որոնք պաքուի մէջ կ՝ենթարկուին փակ դատավարութիւններու՝ առանց իրաւական չափանիշերու պահպանման եւ միջազգային վերահսկողութեան: Ան ընդգծած է, որ նման քայլը պիտի նպաստէ տարածաշրջանային կայունութեան, բարի կամքի ամրապնդման եւ պիտի համապատասխանէ Թրամփի յայտարարած խաղաղապահ առաքելութեան:
Արամ Ա․ նամակը աւարտած է մարդասիրական այս հրատապ հարցերուն շուրջ երկխօսութիւնը շարունակելու յոյսով: