
ԱՄՆ Քոնկրեսին Մէջ Քննարկումի Մը Ընթացքին Լուսարձակի Տակ Առնուեցաւ Նաեւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն Հարցը
ԱՄՆ Քոնկրեսը կը հիւրընկալէ Կրօնական ազատութիւններու միջազգային խորհրդաժողովը, որուն բացման նիստին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան նաեւ Արցախի հայութեան իրաւունքներուն, ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն, Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան սպառնացող վտանգներուն վերաբերող հարցեր, եւ կոչեր եղան ամերիկեան վարչակազմին՝ քայլեր ձեռնարկելու այս հարցերուն շուրջ:
Ըստ «Ամերիկայի Ձայն»ին՝ կրօնական հալածանքներու եւ ազատութիւններու նիւթերուն նուիրուած քննարկումներուն կը մասնակցին քոնկրեսականներ, մարդկային իրաւունքներու ոլորտի գործիչներ, հոգեւորականներ եւ հանրային դէմքեր։ Բացման նիստին, ներկաները ողջունեցին Կրօնական ազատութիւններու միջազգային տարեկան խորհրդաժողովի համանախագահներ Սեմ Պրաունպեք եւ Քաթրինա Լանթոս Սուէթ, իսկ քննարկումներուն մասնակցեցան քոնկրեսականներ Կաս Պիլիրաքիս եւ Քրիս Սմիթ, որոնք ընդգծեցին կրօնական ազատութիւններու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը:
Սմիթ, խօսելով հայկական հիմնահարցերուն մասին՝ քննադատութեան ենթարկեց Ամերիկայի նախորդ վարչակազմին վարած քաղաքականութիւնը, մասնաւորապէս՝ Արցախի գծով, դատապարտեց թուրքիան՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալուն համար, ինչպէս նաեւ պաքուն՝ Արցախի մէջ իրականացուցած ցեղային զտումին համար:
«Երկու անգամ հանդիպած եմ ալիեւի հետ, դէմ առ դէմ, իր աշխատասենեակին մէջ եւ անոր հետ վիճաբանած եմ հայութեան նկատմամբ իր վարած քաղաքականութեան եւ մարդկային իրաւունքներու գծով որդեգրած մօտեցումներուն համար, մասնաւորապէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Կը կարծեմ, որ մենք պէտք է խորացնենք մեր բարեկամութիւնը եւ համագործակցութիւնը Հայաստանի ժողովուրդին հետ»,- ըսաւ Սմիթ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան կը յայտնէ, թէ Թրամփի վարչակազմի առաջին օրերուն տեղի ունեցող այս ժողովը լաւ առիթ մըն է փոխելու նախորդ վարչակազմին որդեգրած քաղաքականութիւնը, զայն դարձնելով առաւել պատասխանատու: Ան յոյս ունի, որ ներկայ վարչակազմը պատժամիջոցներ կը սահմանէ պաքուի դէմ, կը կասեցնէ անոր տրամադրուող ռազմական օգնութիւնը, ջանքեր կը գործադրէ պաքուի հայ գերիները ազատ արձակելու եւ Արցախի հայ բնակչութեան արժանապատիւ վերադարձին ուղղութեամբ: