Փաշինեանը Յաջողա՞ծ է Պառակտում Մտցնել Եկեղեցւոյ Մէջ։ Ովքեր էին ԱՄՆ-ի Մէջ Անոր Հետ Հանդիպման Մասնակցած Հոգեւորականները. Մայր Աթոռի Արձագանգը

Հայաստան, Սփիւռք

Արդէն 5-րդ օրն է՝ երկրի ղեկավարի աթոռը զբաղցնող անձը՝ Նիկոլ Փաշինեանը, մեկնած է ԱՄՆ, սակայն որեւէ պաշտօնական հանդիպում չէ ունեցած։ Անգամ պետական քարտուղարի տեղակալը չէ հանդիպած անոր։ Փոխարէնը՝ դեսպանատան շէնքին մէջ հանդիպած է հայ համայնքի սակաւաթիւ ներկայացուցիչներու հետ, որոնց մէջ եղած են մէկ ընտանիքէ քանի մը անդամ, ինչպէս նաեւ դեսպանատան աշխատակիցները, Փաշինեանին ուղեկցողները։ Սակայն, ամենաուշագրաւը հոգեւորականներուն ներկայութիւնն էր։

Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն՝ հանդիպման ներկայ եղած են եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Վատիկանի միջեւ յանձնախումբի ատենապետ Տ. Վիգեն արքեպիսկոպոս Այքազեանը եւ Ուաշինկթընի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յովսէփ քահանայ Կարապետեանը:

Այս փաստը մեծ արձագանգ գտած է հայ հասարակութեան մէջ, անգամ քննադատութիւններ կը հնչեն եկեղեցւոյ դէմ, քանի որ ատիկա հանրութեան մէջ ձեւաւորած է ընկալում, որ ազգային ինքնութեան պահպանման հարցերու վերաբերեալ եկեղեցին միասնական չէ, աւելին, որ Նիկոլ Փաշինեանը յաջողած է պառակտում մտցնել եկեղեցւոյ մէջ։

«Փաստինֆոն» պարզաբանում խնդրած է Մայր Աթոռէն, թէ Փաշինեանի հետ հանդիպման ներկայ ըլլալու համար այս հոգեւորականներուն մասնակցութիւնը որքանով համաձայնեցուած էր Մայր Աթոռի հետ։

Մայր Աթոռի մամլոյ դիւանէն պատասխանած են, ըսլեով, որ թեմերուն մէջ նման ձեռնարկներու իրականացման պարագային՝ թեմը ինք կ՝որոշէ, թէ այդտեղ ինչպիսի հոգեւորականներու մասնակցութիւն պէտք է ըլլայ։

©️ 1991 – 2025 Երկիր Օրաթերթ