
Երուսաղէմի Հայկական Թաղամասին Հարցը Ներկայացուեցաւ Քոնկրեսականներու
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ՝ Երուսաղէմի Հայկական թաղամասին մէջ գտնուող «Կովերու պարտէզ»ի պաշտպանութեան լծուած Save the ArQ խմբաւորումի համահիմնադիրներ Սեդրակ Պալեան եւ Յակոբ Ճրնազեան Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան շարք մը անդամներու ծանօթացուցին հայութեան դիմագրաւած սպառնալիքները, որոնց պատճառով Երուսաղէմի մէջ հայութեան 1700-ամեայ ներկայութիւնը վտանգուած է։
Հայ Դատի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ՝ Պալեան եւ Ճրնազեան այցելեցին քոնկրեսականներու գրասենեակներ, քոնկրեսականներու ներկայացուցիչներուն յատուկ ներկայացում մը կատարեցին Քոնկրեսի շէնքին մէջ, ինչպէս նաեւ մասնակցեցան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած համայնքային հաւաքի մը, որուն առցանց հետեւեցան նաեւ Երուսաղէմի հայութեան ապագայով մտահոգ հազարաւոր հայորդիներ։
Պալեան եւ Ճրնազեան շեշտեցին, թէ իրենց արշաւը կրօնական ազատութեան եւ մշակոյթի պահպանութեան պայքար մըն է։

Այս բոլորին զուգահեռ, Հայ Դատը «Խաչքար Սթուտիոզ»ին գործակցութեամբ ծանուցումներու արշաւ մը իրականացուց շարք մը հեղինակաւոր քոնկրեսականներու ընտրատարածքներուն մէջ, հանրութիւնը ծանօթացնելու համար Երուսաղէմի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն։
Նշենք, որ 2021-ին վարձակալութեան անօրէն համաձայնագիր մը կնքուած էր Xana Gardens-ի հետ, որ կը փափաքի «Կովերու պարտէզ»ի տարածքին վրայ պանդոկ մը կառուցել, սակայն Save the ArQ-ի եւ անոր նեցուկ կեցող Երուսաղէմի հայ համայնքին եւ Միացեալ Նահանգներէն ու այլ վայրերէ իրաւաբաններու միջամտութեամբ կարելի եղած է սառեցնել գործընթացը։
Այս արշաւին աջակցելու համար այցելել Հայ Դատի կայքէջը։
