
Աշխարհի Մէջ Գոնէ Մէկ Հայ Չկայ, Որ Կասկածի Տակ Դնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Բացառութեամբ Փաշինեանի ու Իր Գործընկերներու
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան Alpha News-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին քննադատած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աղմկայարոյց յայտարարութիւնները:
«Փաշինեանը գրեթէ 7 տարի ճիգեր կը գործադրէ տկարացնելու հայկական կողմը: Ասիկա անհասկնալի է եւ պէտք է ըսել, որ ինքը ատիկա կ՝ընէ փայլուն ձեւով՝ Հայաստանը, Սփիւռքը տկարացնելով այնպէս, ինչպէս ըրաւ Արցախի պարագային»,- ըսած է Փափազեանը ու յիշեցուցած, որ որոշ ժամանակ առաջ ալ ՔՊ-ական Անդրանիկ Քոչարեանը այդպիսի յայտարարութիւններ ըրած էր՝ կասկածի տակ առնելով 1915 թ.-ի հայ ժողովուրդին ողբերգութիւնը:
«Կը յիշէ՞ք՝ որոշ ժամանակ առաջ Անդրանիկ Քոչարեանը յայտարարեց, որ «մենք պէտք է հաշուենք զոհերուն թիւը, կրնայ ըլլայ 1,5 միլիոնէն աւելի շատ է կամ քիչ»: Ասիկա կը նշանակէր, որ հարցականի տակ կը դնեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ասիկա համաձայնեցուած քաղաքականութիւն է էրտողանի հետ, ինչպէս Արցախի հարցը համաձայնեցուած էր ալիեւի հետ»,- ընդգծած է Մուրատ Փափազեան:
Ան այս ամէն ինչին աւելցուցած է նաեւ Սահմանադրութեան ու Անկախութեան հռչակագրի հարցերը, որոնց փոփոխութեան մասին կը խօսին միայն ալիեւը, էրտողանը, ապա անոնց կը յաջորդէ Փաշինեանը: Փափազեանի խօսքով՝ ամբողջ աշխարհի մէջ բացի Փաշինեանէն ուրիշ հայ չկայ, որ կասկածի տակ կրնայ դնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
«Այս ընդհանուր յայտարարութիւններուն կրնանք աւելցնել նաեւ Սահմանադրութեան հարցը: Փաշինեանը կ՝ուզէ փոփոխութիւններ մտցնել Սահմանադրութեան մէջ: Երբ Փաշինեանը հարցականի տակ կը դնէ ու կը քննադատէ Անկախութեան հռչակագիրը, երբ կը տեսնենք, որ Փաշինեանը չի պաշտպաներ Հայաստանի սահմանները՝ 2021-էն ի վեր, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ունինք գրաւուած տարածքներ ու երբ կը տեսնենք, որ Փաշինեանը կը փորձէ տկարացնել հայկական Սփիւռքը, կ՝եզրակացնենք, որ նոյնինքն այդ է իր առաքելութիւնը: Աշխարհի վրայ գոնէ մէկ հայ չկայ, որ հարցականի տակ դնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, չկայ, չէք կրնար գտնել այդպիսի մէկը՝ բացառութեամբ Փաշինեանի ու իր գործընկերներու»,- եզրափակած է Մուրատ Փափազեան: