
ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Ռազմագերիներու Դատավարութեան Միջազգային Արձագանգներ
ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք հնարաւոր եղած է միջազգային տարբեր կառոյցներէ ստանալ արձագանգներ՝ ուղղուած ազրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ միջազգային հանրութեան՝ պաքուի մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ առհասարակ հայ պատանդներու եւ ռազմագերիներու արդար դատաքննութեան, իրաւունքներու լիարժէք յարգման եւ ազատ արձակման վերաբերեալ։
Մասնաւորապէս, խնդրին անդրադարձած են մոլորակի խոշորագոյն քաղաքական կազմակերպութիւն՝ Սոցիալիստական ինթերնացիոնալը, տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու խորհրդարաններու անդամներ։
Սոցիալիստական ինթերնացիոնալի տարածած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է․ «Այս օրերուն պաքուի մէջ տեղի կ՝ունենան 16 հայ գերիներու դատավարութիւնները, որոնց 8-ը Լեռնային Ղարաբաղի նախկին հայ ղեկավարներն են՝ տեւական կալանքի տակ մնալէ ետք։ Մենք կոչ կ՝ընենք ազրպէյճանի իշխանութիւններուն երաշխաւորելու թափանցիկ ընթացակարգ՝ արդար դատավարութեան չափանիշներուն համապատասխան, նկատի ունենալով, որ բանտարկեալներուն չէ տրուած բաւարար ժամանակ՝ ուսումնասիրելու իրենց առաջադրուած մեղադրանքները եւ, հետեւաբար, օգտուելու իրաւական պատշաճ ներկայացուածութենէն։ Միջազգային իրաւական դիտորդներու ներկայութիւնը հիմնարար կարեւորութիւն ունի»։
Տարբեր շեշտադրումներով պաքուի մէջ ընթացող ձեւական դատավարութիւններուն անդրադարձած են նաեւ քոնկրեսականներ, ԱՄՆ Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրէնք Փալոնը, նոյն յանձնախումբի անդամ Թինա Թիթուսը, Եւրոպական խորհրդարանի սոցիալ-դեմոկրատական քաղաքական խումբի փոխնախագահ Եանիս Մանիադիսը, նոյն քաղաքական խումբի անդամ Նաչօ Ամոր Սանչեսը։
Դրական կը գնահատենք, որ միջազգային իրաւապաշտպան շարք մը հեղինակաւոր կազմակերպութիւններ նոյնպէս հանդէս կու գան յստակ դիրքորոշումներով՝ ակնարկելով ազրպէյճանի մէջ արդար դատաքննութեան իրաւունքի իրացման անհնարինութիւնը։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
20 Յունուար 2025 թ․