
ՀՀ-ին եւ Սփիւռքին Կոչ Կ՝ընեմ Անվերապահ Աջակցութիւն Յայտնելու Մեր Պատանդառուած Հայրենակիցներուն․ Բագրատ Սրբազան (տեսանիւթ)
Գրեթե մոռացութեան տրուած է Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ ընդհանրապէս հայ գերիներու պաքուի բանտերուն մէջ տառապանքի մատնուած ըլլալու հանգամանքը։ Այս մասին յայտարարած է «Սրբազան պայքար» շարժման առաջնորդ Բագրատ Սրբազանը։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ ի դէմս այսօրուան «իշխանութիւններ»ուն, կը շարունակէ տէր չկանգնիլ իր զաւակներուն ու կը խրախուսէ անոնց պատանդառութեան հանգամանքը։ Սակայն Հայաստան աշխարհը, հայ հասարակութիւնը եւ հայկական սփիւռքը նոյնական չեն այսօրուան «իշխանութիւններ»ուն հետ։ Եւ մեր պատասխանն ու մեր վերաբերմունքը պէտք է միանգամայն տարբեր ըլլան այն վախուորած, դաւաճանական եւ թշնամական շահերէն բխող գործելակերպէն, որ որդեգրած են այսօրուան «իշխանութիւններ»ը։
Պատանդառուած մեր հայրենակիցներէն բռնութեամբ կորզուած որեւէ ցուցմունք չի կրնար հիմք հանդիսանալ մեր կարծիքի փոփոխութեան եւ մեր գործողութիւններու վերանայման համար։
Ձեր հետ ենք, սիրելի՛ եղբայրներ
Մանրամասները՝ տեսանիւթով․