Հայ Օգնութեան Միութիւնը Իր Բոլոր Կարելիութիւնները Ի Սպաս Կը Դնէ Քալիֆորնիահայ Գաղութին․ Զօրակցութեան Կոչ

Հայաստան, Սփիւռք

Քալիֆորնիոյ հրդեհներուն պատճառած վնասներուն դարմանումը կը կարօտի համահայկական ճիգերու: Ասիկա իւրաքանչիւրիս պարտաւորութիւնն է, որպէսզի հրդեհներէն մեծ վնասներ կրած մեր հայրենակիցները կարենան իրենց կորուստին ցաւը եւ ժխտական հետեւանքները յաղթահարել եւ լծուիլ վերաշինութեան աշխատանքին:

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը ամբողջական զօրակոչ կը յայտարարէ իր բոլոր միաւորներուն եւ անդամներուն համար` կոչ ուղղելով, որ բոլորը մասնակից դառնան Լոս Անճելըսի մեր գաղութին աղէտահար շրջաններու բնակիչ հայորդիներուն օժանդակութեան ճիգերուն: Կեդրոնական վարչութիւնը խորապէս կը հաւատայ, որ միայն հաւաքական ճիգերով կարելի կ՛ըլլայ նման աղէտի դէմ դնել եւ յաղթահարել բազմաբնոյթ դժուարութիւնները:

Հայ օգնութեան միութիւնը նաեւ իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս կը դնէ քալիֆորնիահայ գաղութին` հոգեբանական եւ ընկերային ծառայութեան գրասենեակներէն մինչեւ օժանդակութիւններու տարբեր աղբիւրները: Հոս տեղին է յատուկ կերպով շեշտել Սահակ Մեսրոպ վարժարանին վերաշինութեան օժանդակութեան կարեւորութիւնը:

Համոզուած ենք, որ անխոնջ աշխատանքով պիտի յաղթահարենք դժուար հանգրուանները, եւ Լոս Անճելըսի հայ գաղութի աղէտահար աւաններուն ու քաղաքներուն բնակչութիւնը պիտի վերագտնէ իր նախկին ներուժը եւ օրինակելի կեցուածքներով պիտի վերակազմակերպէ իր շարքերը:

Աղէտահար շրջաններուն օժանդակութիւն հասցնելու նպատակով կազմակերպուած է նուիրահաւաք մը, որուն մասնակցելու համար պէտք է սեղմել ստորեւ նշուած կցումը:
https://ars1910.org/give/