
Աղօթք Գերիներուն Համար՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Տնօրինութեամբ
Յունուար 19-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի թեմերու առաջնորդանիստ եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Սուրբ Պատարագի պիտի կատարուի աղօթք՝ ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած եւ պաքուի մէջ շինծու մեղադրանքներով ապօրինաբար պահուող Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն, զինծառայողներուն, քաղաքացիական անձերուն համար։
Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն՝ հրաւիրելով ժողովուրդը միանալու աղօթքին գերեալներու Հայրենիք վերադարձի համար։