«Արցախը Ապրում Է» Դրամաշնորհային Մրցոյթ
«Լորիկ» մարդասիրական հիմնադրամը կը յայտարարէ «Արցախը ապրում Է» խորագրով դրամաշնորհային մրցոյթ, որուն նպատակն է Արցախի մշակոյթի, բարբառի, բանահիւսութեան, ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղուած նախագիծերուն աջակցիլը։
Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ՝
Ցանկացած անձ, անհատ ստեղծագործող, արուեստագէտ, մշակութային գործիչ, բանահաւաքներ, հասարակական կազմակերպութիւններ, լրատուադաշտի ներկայացուցիչներ:
Ներկայացուող նախագիծերը պէտք է ունենան շարունակականութեան ծրագիր՝ նպատակ ունենալով պահպանել արցախեան համայնքը, մշակոյթը, հաւաքագրել Արցախի մասին տեղեկատուութիւն, որ այժմ կանգնած է կորուստի առաջ, հանրահռչակել տարածաշրջանին յատուկ մշակոյթն ու աւանդոյթները։
Մրցոյթին մասնակցելու դիմում ներկայացնելու համար պէտք է գրել նամակ Lorikhf21@gmail.com հասցէին, որ պէտք է ընդգրկէ՝
-Դիմողի անուն-ազգանունը, հեռախօսահամարը, ելեկտրոնային փոսթի հասցէն:
-Հակիրճ ինքնակենսագրութիւն
-Նախագիծի յստակ եւ մանրամասն ծրագիրը
-Ծրագրի իրականացման համար անհրաժեշտ գումարին չափը
-Եթէ արդէն իսկ կան աշխատանքներ՝ օրինակներ այդ աշխատանքներէն կամ սպասուելիք նախագիծերը եւ անոնց իրականացման ժամկէտները։
Դիմումին ժամկէտը կը լրանայ ս.թ. Դեկտեմբեր 31-ին: