Երեւանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ «Հայաստան-թուրքիա Յարաբերութիւններ. Սպառնալի՞ք, Թէ՞ Հնարաւորութիւն» Խորագիրով Միջազգային Խորհրդաժողովը
Դեկտեմբեր 14-ին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի նախաձեռնութեամբ, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան-թուրքիա յարաբերութիւններ. սպառնալի՞ք, թէ՞ հնարաւորութիւն» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողովը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակը:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի․
«Աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումների համատեքստում խորհրդաժողովը կ՝անդրադառնայ Հայաստան-թուրքիա յարաբերութիւնների տարբեր շերտերին՝ մասնաւորապէս քննելով վերջինիս ազդեցութիւնը Հայաստանի ու հայ ժողովրդի անվտանգութեան, սոցիալ-տնտեսական իրավիճակի եւ զարգացման հեռանկարների վրայ։
Խորհրդաժողովը կը ծաւալուի հետեւեալ առանցքային թեմաների շուրջ․
Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը որպէս անվտանգային եւ զսպիչ գործօն,
աշխարհաքաղաքական զարգացումներ. պանթուրքականութիւնը տարածաշրջանային սպառնալիք,
հայ-թուրքական տնտեսական յարաբերութիւններ. կախուածութի՞ւն, թէ՞ հնարաւորութիւն:
Զեկոյցներով հանդէս կը գան քաղաքական, գիտական եւ փորձագիտական շրջանակների ներկայացուցիչներ՝ Հայաստանից եւ արտերկրից։
Խորհրդաժողովին մասնակցելու համար անհրաժեշտ է նախապես գրանցուել հետեւեալ յղումով՝ https://shorturl.at/YdYDx»: