Ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեանի Յաղթանակը Ընդգրկուած է Տարուան Լաւագոյն Մրցումներու Ցանկին Մէջ

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, Ողիմպիական խաղերու ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ մետալներ շահած, չորս անգամ աշխարհի եւ եօթը անգամ Եւրոպայի ախոյեան, 97 քկ կշիռի Արթուր Ալեքսանեանի մէկ մրցումը ներառուած է ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնի տարուան լաւագոյն մրցումներու ցանկին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Lurer.com-ը։

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը, Փարիզի ամառնային 33-րդ Ողիմպիական խաղերու գծով Ալեքսանեան-Ասաքալով մրցումը, ուր Ալեքսանեան յաղթած էր, ներառած է ընթացիկ տարուան լաւագոյն մրցումներու ցանկին մէջ:

Նշենք, որ Փարիզի մէջ, Ալեքսանեան քառորդ աւարտականին 5-0 արդիւնքով կը յաղթէր, սակայն մրցակիցը 5-5-ի վերածած էր արդիւնքը: Մրցումի աւարտէն կէս վայրկեան առաջ, Ալեքսանեան 4 կէտ եւս շահեցաւ եւ 9-5 արդիւնքով յաղթելով հասաւ կիսաւարտական: