COP29-ին Բացայայտուեցան ալիեւի Բռնաճնշումները Հայ Գերիներու եւ Սեփական Ժողովուրդի Հանդէպ
Հայ Դատի յանձնախումբը ամէն բան ըրած է, որ COP29-ի ընթացքին հայ գերիներու վերադարձի թեման արժանանայ համաշխարհային ուշադրութեան: Այս մասին Alpha News-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի մամուլի քարտուղար Եղիսաբեթ Չուլճեան:
«COP29-ը գրաւելու եւ իր խնդրանքները կեղծ բնապահպանական, դրական պատկերով ներկայացնելու պաքուի փորձը հակառակ ազդեցութիւն ունեցաւ՝ ի յայտ բերելով ալիեւի վարչակարգին կաշառակերութիւնը, շարունակական յարձակումները Արցախի, Հայաստանի վրայ եւ բռնաճնշումները ոչ միայն սեփական ժողովուրդի, այլեւ առնուազն 23 հայ գերիներու հանդէպ: Այս մարդիկ, որոնց մէջ են նաեւ Արցախի ղեկավարութիւնը, կը շարունակեն տանջանքներ կրել ազրպէյճանական բանտերու մէջ: Եւ Հայ Դատի յանձնախումբը՝ աշխատելով մարդու իրաւունքներու հարցերով զբաղող կազմակերպութիւններու հետ, ամէն բան ըրաւ, որ COP29-ի ընթացքին աշխարհի բոլոր հատուածներուն մէջ այս թեման արժանանայ համաշխարհային ուշադրութեան»,- նշած է Չուլճեան:
Խօսելով վերջին շրջանին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին իրականացուցած աշխատանքներուն մասին՝ ան ընդգծած է.
«Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը վերջին օրերուն աշխատած է ԱՄՆ ծերակուտական Էտ Մարքիի եւ քոնկրեսական Ֆրէնք Փալոնէի հետ, որուն իբրեւ արդիւնք 60-է աւելի քոնկրեսականներ կոչ ուղղած էին ԱՄՆ ԱԳՆ-ին, որ COP29-ի ծիրէն ներս ճնշում գործադրէ ազրպէյճանի վրայ եւ վերջինս ազատ արձակէ հայ գերիները, որոնց մէջ են նաեւ Արցախի ղեկավարները: Այս ամէնուն հետ մէկտեղ պէտք է աշխատանքներ տարուին նաեւ, որ ցեղական զտման ենթարկուած արցախցիները հնարաւորութիւն ունենան ապահով վերադառնալու իրենց պատմական հողերը: Սակայն, այս բոլորին փոխարէն ազրպէյճանի կառավարութիւնը կը շարունակէ սպառնալ Հայաստանին: Եւ COP29-ի ծիրէն ներս պէտք է նաեւ այդ հարցը բարձրացուէր, ու մենք տեսանք, որ նման բողոքի կոչեր հնչեցին:
Օրինակ՝ Ֆրանսան իր յստակ տեսակէտը յայտնեց Արցախի հարցին վերաբերեալ, բնապահպանական թեմաներով, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանի կառավարութեան հնչեցուցած սպառնալքիներուն վերաբերեալ: Գերմանիան եւս անդրադարձաւ խնդրին, Եւրոպական խորհրդարանը եւս իր յստակ պահանջներն ու ակնկալիքները ներկայացուց ազրպէյճանին»: