Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Իր Տարբեր Ծրագիրներով Կը Միտի Առկայծ Պահել Հայկականութիւնն Ու Կենդանի` Հայոց Լեզուն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հարցազրոյց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի Հետ

Արդէն իսկ ընթացք առած են Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան տարեկան առցանց նիստերը, որոնք նպատակ ունին քննել միութեան առկայ վիճակը, խնդիրներն ու նուաճումները եւ ծրագրել յառաջիկայի գործունէութիւնը: Այս առիթով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանին հետ «Ազդակ» ունեցաւ հարցազրոյց մը, ուր համապարփակ կերպով լուսարձակի տակ կ՛առնուի միութեան այժմու մարտահրաւէրներն ու ձեռք բերուած յաջողութիւնները:

«ԱԶԴԱԿ».- Ի՞նչ են արդի պայմաններուն մէջ Համազգայինի առաքելութեան առաջնահերթութիւնները:

ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.– Աւելի քան 95 տարիներէ ի վեր Համազգայինի առաքելութիւնը կը մնայ նոյնը. հայեցի կրթութեան ու մշակոյթի շունչով թրծել սփիւռքի մէջ նորահաս սերունդները, ամրապնդել կապը ազգային ինքնութեան ու հայկական արժէքներու հետ` արծարծ պահելով Հայ դատը, եւ սփիւռքի մէջ հայութեան համար ստեղծել գեղեցիկ, առոյգ ու գողտրիկ հայկական միջավայր, ուր հայօրէն ապրիլը երանութիւն է հայ ըլլալու արժէքը իմացողներուն եւ կեանքը հայօրէն ապրիլ որոշողներուն համար:

Բնականաբար ժամանակի թաւալումին հետ այս բոլորը կը նորոգուին, եւ իւրաքանչիւր սերունդ ի՛ր ապրելաոճն ու նախասիրութիւնները կ՛որդեգրէ, սակայն համազգայնականներու իրերայաջորդ սերունդներուն համար ամէն բանէ առաջ առաջնային եղած են անցեալին, ի գին մեծ զոհողութիւններու ո՛չ միայն ձեռք բերուած արժէքները պահելն ու պահպանելը, այլ նաեւ` նորարար շունչով զանոնք զարգացնելը: Պատահական չէ, որ տարիներու ընթացքին աշխարհագրական 19 շրջաններու մէջ ամէնուրեք Համազգայինը ունի իր ճեմարանները, գեղարուեստի դպրոցներն ու գեղարուեստի խումբերը` երգչախումբ, պարախումբ, թատերախումբ, գրական խմբակներ եւ այլն, որոնք իր գործունէութեան հիմքը կը կազմեն: Այս բոլորին վրայ կու գան աւելնալու` Համազգայինի հրատարակչատունն ու գրատարածի առաքելութիւնը, «Բագին» գրականութեան ու արուեստի եռամսեայ հանդէսը, մեր երիտասարդական ու մանկապատանեկան ծրագիրները: Այս բոլորը պահել-պահպանելուն կողքին, մեր առաջնահերթութիւններուն մէջ կարեւորագոյններէն է սփիւռքի տարածքին հայոց լեզուի, մանաւանդ արեւմտահայերէնի գործածութեան խթանումը:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը գործէ Համազգայինի կազմակերպական կառոյցը:

Զ. Ք.- Համազգայինը ապակեդրոն կազմակերպութիւն է: Անոր 19 շրջաններէն իւրաքանչիւրը, ուր կան շրջանային թէ մեկուսի վարչութիւններ, որոնք իրենց հերթին ունին տարածքային թէ մասնագիտական մասնաճիւղեր,  կը գործեն` ըստ իրենց շրջաններու կարիքներուն ու հնարաւորութիւններուն: Այս մէկը ինքնին հարստացնող է: Պատահական չէ, որ հայ մամուլին կամ ընկերային ցանցերու մէջ Համազգայինի գործունէութեան մասին ամէն օր նոր տեղեկութիւն մը կը յայտնուի: Այս բոլորին հետ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան վերահսկողութեան տակ կը գործեն` Լիբանանի ու Ֆրանսայի ճեմարանները, «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» պատկերասրահը, «Բագին» գրականութեան ու արուեստի պարբերաթերթը, «Հ-Բեմ»-ը, Համազգայինի քարոզչական գրասենեակը, Կեդրոնական վարչութեան նստավայրի` Լիբանանի գրասենեակն ու Հայաստանի, Արցախի (այժմ` Երեւանի մէջ) եւ Գիւմրիի գրասենեակները, երիտասարդական «Ֆորում»-ը, «Արթլինքս»-ը, «Եութլինքս»-ն ու պատանեկան «Փեթակ» ծրագիրները, սփիւռքի հայկական դպրոցներուն համար հայերէնի ու Հայոց պատմութեան որակեալ ուսուցիչներ պատրաստելու ծրագիրը, մանկապարտէզի երեք դասարաններու համար արդի դասագիրքերու պատրաստութիւնն ու հրատարակութիւնը, Հայոց պատմութեան մանկավարժական նոր մօտեցումով պատրաստուած ու հրատարակուած դասագիրքը, արցախեան պատերազմին պատճառով մեր մշակութային կորուստներուն մասին թէ այլաբնոյթ նոր գիրքերու հրատարակութիւնը: Այս բոլորը մեր գործունէութեան առաջնային ուշադրութեան ու հոգածութեան տակ կը շարունակեն մնալ:

«Ա.».- Սփիւռքի տարածքին հայոց լեզուի պահպանութեան ու գործածութեան խթանման համար Համազգայինը ինչպիսի՞ գործունէութիւն կը ծաւալէ:

Զ. Ք.- Հայախօսութիւնը խթանելու լաւագոյն միջավայրն է մեր ժողովական կեանքը, ստեղծագործական խումբերու մէջ ընդգրկուած մանուկներու, պատանիներու ու երիտասարդներու հաւաքական կեանքը, Համազգայինի` տարբեր երկիրներու մէջ գործող մեր ճեմարաններու աշակերտութեան առաւելագոյնս հայախօս մթնոլորտը: Այս բոլորին կողքին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հրատարակութիւններն ու Համազգայինի հրատարակած «Բագին» պարբերաթերթը, իրենց հերթին, արեւմտահայ գիր, գրականութիւն ու հայոց լեզու տարածելու առաքելութեան լծուած են: Հայոց լեզուն անաղարտ պահել-պահպանելու ու տարածելու առաքելութիւնը ինքնին մեզ դէմ յանդիման կը դնէ երիտասարդ ու որակեալ ուսուցիչներ պատրաստելու հրամայականին առջեւ: Երէց սերունդի նուիրեալ ուսուցիչներ մեծ յաջողութեամբ կատարած են իրենց առաքելութիւնը: Վա՛րձքը կատար բոլորին: Սակայն սերնդափոխութեան համար անհրաժեշտ է պատրաստուիլ: Այս առումով, առանձինն մատնանշելի իրագործում է նախորդ կեդրոնական վարչութիւններու կողմէ սկսած ու մեր կողմէ բծախնդրութեամբ շարունակուող հայոց լեզուի ու հայոց պատմութեան ուսուցիչներ պատրաստելու մեր ճիգը: Հայկական դպրոցներէ շրջանաւարտ այն բոլոր աշակերտները, որոնք հայագիտութիւնը կ՛ընտրեն իբրեւ կեանքի ասպարէզ, Երեւանի պետական համալսարանին հետ մեր ունեցած պայմանագիրին շնորհիւ, իրենց ապրած երկիրին մէջ տիրանալէ ետք մանկավարժութեան կամ հոգեբանութեան պսակաւոր արուեստից վկայականին (BA), կը մեկնին Հայաստան, ուր երկամեայ ուսումնառութենէ ետք կը տիրանան նաեւ մագիստրոսական աստիճանի վկայականի (MA), որմէ ետք կը վերադառնան սփիւռք ու կը դասաւանդեն հայկական զանազան վարժարաններու մէջ: Ցարդ աւելի քան տասնեակ մը երիտասարդներ, շնորհիւ այս ծրագիրին,  սիրուած ու փնտռուած ուսուցիչներ են` Լիբանանի, Կիպրոսի, Ֆրանսայի մէջ թէ այլուր: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը, համագործակցութեամբ Լիբանանի Հայկազեան համալսարանին, կը հոգայ այդ ուսանողներուն ուսման կրթաթոշակը Լիբանանի մէջ: Այնուհետեւ կը հոգանք նաեւ անոնց երթեւեկի, կեցութեան ու Երեւանի պետական համալսարանի ուսման կրթաթոշակները եւս:  Ասոր կողքին, հաստատած ենք նաեւ Դպրոցական վարչագիտութեան կրթանպաստ: Այս կրթաթոշակը կը տրամադրուի պսակաւոր արուեստից վկայականի տէր այն անձերուն, որոնք կը փափաքին մասնագիտանալ դպրոցական վարչագիտութեան ճիւղին մէջ: Ցարդ ունեցած ենք երեք շրջանաւարտներ:

«Ա.».- Նշեցիք «Բագին» ամսագիրը: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք անոր գործունէութիւնը:

Զ. Ք.- «Բագին»-ը իր առաքելութեան վրայ կը գտնուի արդէն 62 տարիներէ ի վեր: Եթէ թերթատենք  անոր հին թիւերը, պիտի նկատենք, որ սփիւռքահայ գրականութեան հսկաները կը տողանցեն անոր էջերուն մէջ: Հայրենի գրական առաջնակարգ դէմքերու տեղ տրուած է անոր էջերուն մէջ: Ցաւօք սրտի, չհաշուած օրաթերթային գրական զանազան էջեր, իբրեւ գրականութեան ու արուեստի օրկան` «Բագին» առանձինն մնաց սփիւռքի տարածքին: Այս նաեւ այն պատճառներէն է, որ առաւելագոյնս պէտք է գուրգուրանք անոր գոյերթին: Մեծանուն հեղինակութիւններ` Եդուարդ Պոյաճեան, Կարօ Սասունի, Բաբգէն Փափազեան, Պօղոս Սնապեան եւ ուրիշներ կան անոր հիմքերուն մէջ: Պօղոս Սնապեան, հաւաքագրելով տասնեակ մը երիտասարդներ (Յարութիւն Պէրպէրեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Վազգէն Էթիեմէզեան, Յարութիւն Նագուլեան, Մովսէս եւ Պետիկ Հերկելեաններ եւ ուրիշներ), իր ստեղծագործական կեանքի 40 երկար տարիները նուիրաբերեց «Բագին»-ին: Այնուհետեւ տասնամեակ մը խմբագրապետի առաքելութիւնը շարունակեց Յակոբ Պալեան: Այժմ Սոնիա Սանան-Քիլեճեանի գլխաւոր խմբագրութեամբ «Բագին» լոյս կը տեսնէ եռամսեայ հերթականութեամբ ու իր շուրջ համախմբած է սփիւռքահայ առաջատար մտաւորականներու, բանաստեղծներու, արձակագիրներու ու գրականագէտներու ստուար խումբ մը, որ նորովի կը շարունակէ հիմնադիր սերունդին առաքելութիւնը: Շնորհիւ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնադրամի դրամաշնորհին` այժմ «Բագին» թուայնացած է եւ իր կայքէջով հասանելի ամէնուրեք` բոլորին www.pakine.net հասցէով:

Վերջին շրջանին «Բագին»-ի խմբագրութեան իրագործումներ են նաեւ «Բագին մատենաշար» եւ «Բագին դասական մատենաշար»-ի լոյս ընծայումը: Իր հերթական թիւերու հրատարակութեան կողքին, «Բագին» յատուկ հատորներով լոյս սկսաւ ընծայել գրական, քննադատական ու դասական հատորներ, որոնք արժէքաւոր ու հարուստ աղբիւրներ կը հանդիսանան ուսումնասիրողներու: Յարութիւն Քիւրքճեանի «Սփիւռք եւ ինքնացում»-ը եւ դասական շարքէն Յակոբ Օշականի վերասրբագրուած «Շահպազ»-ը, «Ծակ պտուկը» եւ «Հաճի Ապտուլլահ»-ը սկիզբն են արդէն պատրաստութեան տակ գտնուող ամբողջ շարքի մը, որ ա՛լ աւելի պիտի ծաղկեցնէ արեւմտահայ գրականութեան անդաստանը: Կը մնայ յատուկ ճիգով աւելցնել բաժանորդներու թիւը եւ նպաստել այս հրատարակութիւններու տարածումին:

Ծաղկաձորի «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանի շէնքը

«Ա.».- Ամրան ընթացքին վերանորոգումի մէջ էր Համազգայինի Արսլանեան ճեմարանը, մինչ Մարսէյի մէջ բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի Ճեմարանի նոր մասնաշէնքին: Առհասարակ ի՞նչ ունիք ըսելիք Համազգայինի ճեմարաններուն մասին:

Զ. Ք.- Համազգայինի ճեմարաններու ցանցը մեր հպարտութիւններուն մաս կը կազմէ ո՛չ միայն անոր համար, որ անոնց շրջանաւարտները փայլուն յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն պաքալորէայի քննութիւններուն ու այնուհետեւ` զանազան համալսարաններու մէջ, այլ նաեւ անոնք մեծապէս կ՛ընդգրկուին մեր ազգային կեանքէն ներս եւ լուրջ դերակատարութիւն կը ստանձնեն այնտեղ: Խորապէս կը հաւատանք, որ հայ դպրոցին իմաստն ու արժէքը պետական քննութիւններուն` աշակերտական յաջողութեան թիւին մէջ չէ, այլ` այն թիւին ու որակին մէջ, թէ անոնք որքանո՛վ ընդգրկուած են մեր հաւաքական կեանքին մէջ եւ ի՛նչ արդիւնաւէտութեամբ կը գործեն: Համազգայինը ճեմարաններ ունի Լիբանանի, Ֆրանսայի ու Աւստրալիոյ մէջ: Աւստրալիոյ Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն ճեմարանը կը գտնուի Համազգայինի տեղւոյն Շրջանային վարչութեան վերահսկողութեան տակ եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունի տեղւոյն հայ համայնքի կեանքին մէջ: Ուրախութեամբ կը հետեւինք հոն արձանագրուող յաջողութիւններուն: Անցնող տարին Համազգայինի ճեմարաններուն համար կարելի է անուանել «Շինարարական տարի»: Մարսէյի ճեմարանին պատերը նեղ կու գային մեծաթիւ աշակերտութեան, մինչ իրենց զաւակները հոն արձանագրել փափաքող մեծ թիւով ծնողներու դիմումները ցաւով կը մերժուէին: Անհրաժեշտ էր ընդլայնել ճեմարանի շէնքային կառոյցը, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի մեծ թիւով աշակերտներ ընդունիլ: Ուրախութեամբ կը հաստատենք, որ Համազգայինի տեղւոյն կառոյցի ու ճեմարանի տնօրէնութեան ջանքերը մեծապէս արդիւնաւորուեցան, եւ կարճ ժամանակի ընթացքին իրականութիւն դարձաւ ճեմարանի նոր մասնաշէնքի կառուցումը, եւ ամիսներ առաջ պաշտօնապէս կատարուեցաւ անոր բացումը: Այսպիսով, Եւրոպայի մէջ կրթական կարեւոր կեդրոն մը կը նկատուի Համազգայինի Մարսէյի ճեմարանը: Համազգայինի Իսի լէ Մուլինոյի Թարգմանչաց ճեմարանը, որ մինչ այս սոսկ մանկապարտէզ ու նախակրթարան էր, սկիզբ կ՛առնէ` վերածուելու միջնակարգի:  Միւս կողմէ` ամրան ընթացքին Լիբանանի մէջ կատարուեցաւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի, Նորսիկեան մանկապարտէզի ու Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան  մանկամսուրի տանիքներու վերանորոգման ու ջրաթափանցման առաջքը առնելու միտող շինարարական հսկայածաւալ աշխատանքը, արդիականացաւ ճեմարանի «Պօլեան» սրահը: Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի շէնքային բարեկարգչական այլ ծրագիրներ ալ կան, որոնք պիտի կատարուին յառաջիկայ ամրան ընթացքին: Մեծածախս շինարարական այս  բոլոր ծրագիրները կը կատարուին, որպէսզի նորահաս սերունդը առաւել մեծ թիւով ու բարւոք պայմաններու մէջ շարունակէ իր դպրոցական ուսումնառութիւնն ու թրծուի հայեցի շունչով:

(Շար. 1)