Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբին Դիրքորոշումը՝ ԱՄՆ Նախագահական Ընտրութիւններուն Ընդառաջ

Աշխարհ, Սփիւռք

Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը կը ներկայացնէ ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ՝ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբին դիրքորոշումը՝ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի կողմէ ամերիկահայ համայնքին ուղղուած ուղերձի ձեւաչափով։

ԱՄՆ նախագահական թեկնածուներէն ոեւէ մէկը չէ վաստակած Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբին աջակցութիւնը։

Երկու կողմերն ալ պատասխանատւութիւն կը կրեն՝ ազրպէյճանը զինելուն, ազրպէյճանի կողմէ ցեղասպանութիւն իրականացնելուն օժանդակելուն եւ Արցախը լքելուն համար։ Ոեւէ մէկ կողմ չէ հրաժարած կամ չեղարկած այս անխոհեմ, անպատասխանատու եւ ցեղասպանութեան աջակցող քաղաքականութիւնը:

Մենք կը շարունակենք աշխատիլ երկու կողմերուն հետ ալ եւ կ՝ողջունենք անոնց զօրակցութեան խօսքերը՝ հայ-ամերիկեան քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն վերաբերեալ։ Գիտակցելով, որ քարոզարշաւի յայտարարութիւնները կ՝օգնեն մօտաւոր ուղենիշ սահմանելու Ուաշինկթընի մէջ մեր խնդիրներու ձեւակերպման համար՝ այնուամենայնիւ, հաշուի կ՝առնենք մեր սեփական փորձը, երբ ակնյայտօրէն չի ներկայացուիր որեւէ տեսակի պայմանագրային պարտաւորութիւն փաստացի քաղաքականութեան համար, պաշտօնը ստանձնելէ ետք:

Այնուամենայնիւ, մենք պէտք է նշենք՝ մեր երկիրը ղեկավարելու ձգտողներուն կողմէ եղած այս յայտարարութիւնները, ըստ էութեան, մեր աշխատանքին, այն դիրքին ու յարգանքին արդիւնքն են, որ մենք վաստակած ենք մեր աշխատանքին իբրեւ արդիւնք՝ յատկապէս Միչիկընի, Փենսիլվանիոյ, Վիսքոնսինի, Ճորճիայի, Հիւսիսային Գարոլինայի, Նեւատայի, Արիզոնայի եւ այլ «ճոճուող» նահանգներու մէջ։

Քաղաքական գործիչները կը ձգտին վաստակիլ մեր ձայները, ինչով ալ պէտք է աշխատի մեր ժողովրդավարութիւնը:

Թէեւ մենք ոգեւորուած ենք մեր աջակցութիւնը ստանալու համար առկայ մրցակցութենէն, հիմնական հարցը կը մնայ այն, որ խօսքերը բաւարար չեն: Խոշոր կուսակցական թեկնածուներէն ոչ մէկը չէ ունեցած այն յստակ արդիւնքները, որոնք ի վիճակի են ապահովելու մեր աջակցութիւնը ընտրութիւններէն առաջ։ Մենք շատոնց թեւակոխած ենք այն օրը, երբ կը հաւատայինք քարոզարշաւային շատ յաճախ դատարկ խոստումներուն, թէ ինչ պիտի ընեն թեկնածուները ընտրուելէ ետք:

Այսօր կան գործողութիւններ, որոնք կրնան իրականացուիլ.

Հանրապետականները․ Օրինակ, նախագահ Թրամփը կրնայ հրապարակայնօրէն կոչ ընել խօսնակ Ճոնսընին ընդունելու 7288 բանաձեւը` կիրառելով 907-րդ յօդուածին սահմանափակումը ԱՄՆ-ի կողմէ ազրպէյճանին տրամադրուող օժանդակութեան վերաբերեալ: Ճէյ Տի Վենսը, իբրեւ ԱՄՆ գործող ծերակուտական, կրնայ հովանաւորել 540 բանաձեւը, որ կ՝ուսումնասիրէ ազրպէյճանի կողմէ ԱՄՆ-ի օժանդակութեան օգտագործումը հակահայկական ռազմական յանցագործութիւններ կատարելու համար:

Դեմոկրատները․ Փոխնախագահ Հարիսը կրնայ յայտարարել վարչակազմին կողմէ 907-րդ բանաձեւի պաշտօնական կիրարկման, ազրպէյճանի դէմ Մագնիցկիի պատժամիջոցներու կիրառման եւ COP29-ին մասնակցելէ հրաժարելու մասին, քանի դեռ բոլոր հայ պատանդները ազատ չեն արձակուած:

Այս ամէնը ըսելով՝ մենք խորապէս հպարտ եւ ոգեւորուած ենք այս տարուան ընտրական փուլին մեր համայնքին ակտիւ մասնակցութեամբ եւ ուրախ ենք տեսնելու, որ թեկնածուները կը մրցին մեր ձայներուն համար՝ ձգտելով վաստակիլ մեր վստահութիւնը: Ասիկա յարգանքի տուրք է հայկական ծագում ունեցող մեր հայրենակից ամերիկացիներուն, որոնք ձեւաւորուած են իբրեւ առանցքային ընտրական ուժ, որ օգտագործելով մեր հաւաքական միջոցները, կրնայ գործել ռազմավարական կարեւորութեամբ՝ ամերիկեան քաղաքական ասպարէզի մէջ  ուշադրութիւն հրաւիրելով Արցախի գոյատեւման եւ Հայաստանի անվտանգութեան վրայ։

Եթէ ​​դուք հիասթափուած էք, թէ ինչպէս կ՝ընկալեն ձեր նախընտրած թեկնածուն ամերիկահայ ընտրողները, ըրէք ամէն ինչ ձեր թեկնածուն մղելու, որպէսզի պատասխանատւութեան ենթարկեն պաքուն, զսպեն ազրպէյճանական նոր յարձակումը, ապահովեն հայ պատանդներուն ազատ արձակումը եւ ճանապարհ հարթեն հայերու Արցախ վերադարձին համար։

Գործելով առանց վախի եւ բարեհաճութեան՝ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը պիտի չիջեցնէ մեր համայնքի չափանիշները՝ ոեւէ թեկնածու ընդունելու կամ հաւանութիւն տալու համար, այլ, աւելի շուտ, աւելի մեծ եռանդ եւ նուիրուածութիւն պիտի հաղորդէ թեկնածուներուն մեր արդար խնդիրները բարձրացնելու գործին մէջ:

Շարունակեցէ՛ք ճնշումը։ Ատիկա կ՝աշխատի։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

04/ 11 / 2024թ