Նարեկ Մկրտչեանը՝ Ծանրամարտի Եւրոպայի Ախոյեան
Հայաստանի ծանրամարտի պատանեկան հաւաքականի անդամ, 81 քկ քաշային Նարեկ Մկրտչեանը երկամարտի 341 քկ արդիւնքով ոսկի մետալ նուաճած է Լեհաստանի մէջ ընթացող Մ20 տարեկաններու Եւրոպայի առաջնութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։
Պոկում վարժութեան մէջ Մկրտչեանը երեք յաջող մօտեցմամբ ցոյց տուած է 150 քկ արդիւնք եւ նուաճած վարժութեան փոքր պրոնզէ մետալը:
Հրում վարժութեան մէջ հայ ծանրորդը դարձեալ յաջող կատարած է բոլոր մօտեցումները եւ 191 քկ արդիւնքով արժանացած փոքր ոսկի մետալին։