Լոյս Տեսած է Հերմինէ Աւագեանի «Կապոյտ Տանիքներ» Գիրքը

Հայաստան

«Կապոյտ տանիքներ», տանիքներ, որոնք մնացին հեռուն՝ կարօտի տանիքներ․․․

Հերմինէ Աւագեանի «Կապոյտ տանիքներ» գիրքը բանաստեղծութիւններու ժողովածու է, որոնք ծնած են Արցախի շրջափակման ու տեղահանութեան օրերուն։

Գիրքին խմբագիրը բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեանն է։

Հրատարակուած է «Արմաւ» հրատարակչութեան կողմէ։ Գիրքի շնորհանդէսին իրենց խօսքը փոխանցեցին «Արմաւ» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր, գրականագէտ Արմէն Աւանէսեանը, բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեանը, գրականագէտ Քնարիկ Աբրահամեանը, արձակագիր Ծովինար Խաչատրեանը, երիտասարդ բանաստեղծ Արմէն Աւոն, բանաստեղծ Դաւիթ Մշեցին, գրականագէտ Նանար Սիմոնեանը։ Նիւ Եորքի համալսարանի դոկտոր, գրող Հրանդ Մարգարեանի խօսքը ընթերցեց Սիփան Զադոյեանը։

Գրական երեկոյին ընթացքին ընթերցուեցան Հ․ Աւագեանի բանաստեղծութիւններէն՝ դերասաններ Շողեր Սարգսեանի եւ Սիփան Զադոյեանի կողմէ, հնչեցին երգեր՝ Երեւանի երաժշտանոցի ուսանողներու կատարումով։ Ներկայ էին Արցախի ու Հայաստանի գրական ընտանիքներու անդամներ, ընթերցողներ։ Նշենք, որ գիրքը ԱՄՆ-ի մէջ արժանացած է «Libra 6» գրական մրցանակին, որն ալ ստանձնած է գիրքի հրատարակման մեկենասութիւնը։

«Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին՝ Հերմինէն նշեց․ «Ես ամէն օր ժամերով նայում եմ Երեւանի իմ պատուհանից եւ փորձում եմ կապոյտի մէջ գտնել մեր գիւղի տանիքները։ Եւ տեսնում եմ նրանց՝ կապոյտ, ինչպէս երազանքը, կապոյտ, ինչպէս վերադարձի հաւատը եւ խաղաղութեան չմարող ձգտումը․․․ Բացէք գիրքը եւ տանիքները ձեզ կը պատմեն, թէ ինչ էին զրուցում ինձ հետ․․․»։

«ԱՊԱՌԱԺ»