Հարվըրտ Համալսարանին Մէջ Ներկայացուած են Արցախի եւ Հայաստանի Դէմ ազրպէյճանական Յանցանքները՝ Փաստերով
Արման Թաթոյեանը Հարվըրտ համալսարանի Իրաւունքի դպրոցին մէջ դասախօսութեան ընթացքին ներկայցուցած է Արցախի ու Հայաստանի դէմ ազրպէյճանական յանցանքներուն փաստերը, ռասիստական ու հայատեաց քաղաքականութիւնը քննարկած են այն տեսանկիւնէ, որ անոնք լիարժէք կը վկայեն հայ ժողովուրդի հանդէպ ազրպէյճանական իշխանութեան (առկայ) շարունակուող ցեղասպան մտադրութեան (genocidal intent) ու պատասխանատուութեան պարտադիր անհրաժեշտութեան մասին:
Աւարտին տեղի ունեցած է նաեւ հանդիպում տարբեր մասնագիտութիւններու հայ ուսանողներու հետ:
«ԵՐԿԻՐ»