Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Հայութեան Առնչուող Հարցերով Առարկայական Դիրքորոշում Ձեւաւորուած է

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Եւրոպական խորհրդարանի՝ Սթրազպուրկի մէջ ընթացող լիագումար նիստին ընթացքին, Հոկտեմբեր 22-ին քննարկուած է ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի խախտումներու վիճակը, ինչպէս նաեւ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ։

Ելոյթ ունեցած են շուրջ 30 պատգամաւորներ, որոնք իրենց ելոյթներով անդրադարձած են Արցախի մէջ ազրպէյճանական ցեղասպան քաղաքականութեան։ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն կողմէ, ի թիւս այլոց, կարեւոր համարուած է հայ ռազմագերիներուն ազատ արձակումը, հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, արցախցիներու՝ արժանապատիւ ու ապահով վերադարձի իրաւունքին իրացումը։

COP 29-ին ընդառաջ՝ խստօրէն քննադատուած է ալիեւի վարչաձեւի յանցագործ քաղաքականութիւնը ինչպէս ազրպէյճանէն ներս, այնպէս ալ պատերազմական ոճրագործութիւններն ու շրջափակումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Շարք մը պատգամաւորներ հանդէս եկած են ազրպէյճանի հանդէպ թիրախային պատժամիջոցներու կիրառման, ԵՄ ուժանիւթի համագործակցութիւնը դադրեցներու դիրքերէ։ Խումբ մը պատգամաւորներու կողմէ ուշադրութեան հրաւիրուած է Եւրոպական միութեան մէջ ազրպէյճանի մշտական ներկայացուցիչին լկտի պահուածքը, որ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ազրպէյճանը խստիւ քննադատող բանաձեւի քուէարկութեան նախօրէին սպառնացած է Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն։

Կարեւոր էր նաեւ պաքուի կողմէ միջազգային կառոյցներուն մէջ կաշառակերութեան քարտէզներ ստեղծելու եւ օտարերկրեայ պաշտօնեաները կաշառելու կամ շանթաժի ենթարկելու դրսեւորումներուն մասին պատգամաւորներու զգուշացումներն ու յայտարարութիւնները։

Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն մէջ Հայաստանին ու Արցախին վերաբերող հարցերուն վերաբերեալ առարկայական իրազեկուածութեան նման բարձր մակարդակը կապուած է նաեւ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի տեւական աշխատանքով։ Նախորդ գումարման խորհրդարանի պատգամաւորներու համար ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը կազմակերպած է շարք մը փաստահաւաք այցելութիւններ, որոնք նպաստած են ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ պատգամաւորներու իրազեկուածութեան բարձրացման։

Մեկնաբանելով Եւրոպական խորհրդարանին քննարկումը՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նկատած է,- «Մենք շնորհակալ ենք Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն՝ իրենց սկզբունքային դիրքորոշումներուն համար։ Այս քննարկումը մէկ անգամ եւս ցոյց տուաւ՝ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ հայութեան առնչուող հարցերով ձեւաւորուած է առարկայական դիրքորոշում։ Խորհրդարանականներուն տեւական եւ անզիջում աշխատանքին արդիւնքն է նաեւ, որ ԵՄ գործադիր իշխանութեան մէջ մեր տեսակէտները կը սկսին ընկալելի դառնալ։

Մասնաւորապէս, կարեւոր է քննարկման ներկայ՝ ԵՄ գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը՝ տեղւոյն վրայ իրավիճակի գնահատման համար Արցախի մէջ միջազգային ներկայութեան ապահովման եւ վերադարձի իրաւունքի իրացման վերաբերեալ։ Ի գիտութիւն կ՝ընդունինք նաեւ գործադիր իշխանութեան այն տեսակէտը, որ ազրպէյճանի հետ ԵՄ ուժանիւթի գործարքները պէտք չէ եւրոպական կառոյցները ետ պահեն ազրպէյճանի հասցէին խիստ քննադատութենէն։ Յատկապէս այս յայտարարութենէն ետք մենք ԵՄ գործադիր իշխանութենէն կ՝ակնկալենք յստակ քայլեր»։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
23/10/2024թ․