Հայ Դատի Յանձնախումբը Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Ստորագրահաւաք Սկսած է
COP29-ին ընդառաջ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերը այս օրերուն աշխոյժ աշխատանքներ կը տանին միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռելու ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն եւ կը պահանջեն ապօրինի պահուող հայ պատանդներու եւ ռազմագերիներու վերադարձը։
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն։
«ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը եւ «Եւրոպացիներ յանուն Արցախի» հարթակը COP29-ը կը համարեն միջոց՝ միջազգային ճնշում գործադրելու ազրպէյճանի վրայ, Արցախի ռազմական եւ քաղաքական պատանդները, պատերազմի գերիները ազատ արձակելու համար։ Այդ ուղղութեամբ թէ՛ քարոզչական աշխատանքով եւ թէ՛ տարբեր հանդիպումներով մեծ աշխատանք կը կատարուի, նաեւ միջազգային մամուլով ներկայացնելով ազրպէյճանի իրական պատկերը։
Այս օրերուն ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբը Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ սկսած է ստորագրահաւաք եւ հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ երեք կարեւոր հարցերու առնչութեամբ՝ գերիներու եւ պատանդներու վերադարձ, ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ ազրպէյճանը՝ որպէս սպառնալիք Հայաստանի համար։ Մեր յայտարարութեան միացած են Եւրոխորհրդարանի մեծ թիւով պատգամաւորներ։
Նոյեմբեր 5-ին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ կը նախատեսենք կազմակերպել մեծ խորհրդաժողով, որ մասնաւորապէս նուիրուած պիտի ըլլայ ռազմական եւ քաղաքական գերիներւ եւ պատանդներու ազատ արձակման, որուն կ՝ակնկալենք նաեւ անոնց ընտանիքներէն ներկայութիւն։ Անշուշտ ներկայ պիտի ըլլան Եւրոպական պատգամաւորներ, քաղաքական այլ անձիք, ընկերային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ»։
Գ․Կարապետեանի փոխանցմամբ յանձնախումբը աշխատանք կը տանի նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերուն մէջ գերիներու եւ պատանդներու վերադարձի հարցը արծարծելու ուղղութեամբ։ «Մեր ամբողջ քարոզչական մեքենան այս ուղղութեամբ կ՝աշխատի, տարբեր երկիրներու մէջ մեր յանձնախումբերը իրենց երկիրներու պատգամաւորներուն հետ հանդիպումներ կ՝ունենան, կ՝ակնկալենք, որ որոշ պատուիրակութիւններ պաքուի մէջ այդ հարցերը կը բարձրացնեն։ Շատ կարեւոր է, որովհետեւ ազրպէյճանը կը փորձէ տարբեր երես ցոյց տալ, արդէն մեր ամբողջ քարոզչական աշխատանքով կը փորձենք ցոյց տալ, որ ազրպէյճանը այսօր այն չէ, ինչ կը ներկայանայ եւ միջազգային գրեթէ բոլոր կարեւոր լրատուականներուն միջոցով կը ներկայացուի թէ մարդկային իրաւունքներու տեսակէտէ ազրպէյճանը ինչ մակարդակի վրայ է եւ Արցախի ժողովուրդին հանդէպ ինչ վերաբերմունք ունի»,- նշած է ան։
Գ․ Կարապետեանը նշած է, որ COP29-ով չի դադրիր աշխատանքները այս ուղղութեամբ եւ Հայ Դատի գրասենեակները իրենց ունեցած քաղաքական բոլոր լծակներով աշխատանք պիտի տանին, որպէսզի պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներն ու պատանդները վերադառնան։