Հայ-յունական Յարաբերութիւններուն Նուիրուած Գիրքի Ներկայացում Աթէնքի Մէջ
«ԱԶԱՏ ՕՐ»
Ք.Է.
«Արմենիքա» պարբերաթերթի հրատարակութիւններու շարքը արդէն բոլորեց 20-րդ գիրքի ներկայացումը՝ յունահայ երիտասարդ քաղաքական փորձագէտ Ճորճ Մէնէշեանի «Զուգահեր կեանքեր. հայերը եւ յոյները՝ «միլլեթ»էն դէպի ազգ-պետութիւն» գիրքով։
Հայազգի վերլուծաբանին առաջին հրատարակչական փորձն է այս, որ կ՚ընդգրկէ մօտ 150 տարուան հասարակաց պատմութիւն մը՝ Օսմանեան կայսրութեան օրերէն մինչեւ ներկան։ Յատուկ մաս ընծայուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման թուականէն յետոյ հաստատուած միջպետական բազմակողմանի յարաբերութիւններուն։
Նշենք, որ գիրքը հրատարակուած է Պօղոս Խաչատուրեանի մեկենասութեամբ։
Ներկայացումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Աթէնքի կեդրոնը գտնուող Ամերիկեան գոլէճի սրահին մէջ, որուն ներկայ եղան մեծ թիւով յոյն հանդիսատեսներ՝ յատկապէս ակադեմական, համալսարանական եւ պատմական գիտութեանց շրջանակէն։
Ելոյթը վարեց պարբերաթերթի խմբագրական կազմի անդամ Խրիսթոս Ռանտավելաս, որ հակիրճ խօսքերով ներկայացուց մինչեւ օրս կատարուած հրատարակչական շարքի իրագործումները, առաւել՝ անդրադարձ կատարեց «Արմենիքա»-ի հրատարակութեան, անոր շօշափած նիւթերուն եւ պատմական տեսաշարքերուն։
Մէնէշեանի գիրքին մասին առաջին խօսողը եղաւ Կրթութեան եւ կրօնից նախկին փոխնախարար, խորհրդարանի երեսփոխան, յունական եւ օտար համալսարաններու դասախօս Ակելոս Սիրիղոս։ Ան նախապէս իր գոհունակութիւնը յայտնեց երիտասարդ հեղինակին մասին, որ անցեալին եղած է իր համալսարանական աշակերտը եւ այժմ պատիւ կը զգայ խօսիլ անոր հեղինակած գիրքին մասին։ Յարգելի խօսողը լայնօրէն անդրադարձաւ երկու բախտակից ժողովուրդներու հասարակաց երթին շուրջ, յատկանշականօրէն ըսելով, որ թէպէտ Հայաստանը կը թուի ըլլալ հեռաւոր երկիր մը, սակայն հայերը միշտ մօտիկ եղած են յոյն ժողովուրդին։ Ան տուաւ նաեւ ենթահողը Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրած երկու ժողովուրդներու կարգավիճակին, ապա պատմական տուեալներով մանրամասնեց Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներուն՝ հայերուն, յոյներուն եւ ասորիներուն կրած ցեղասպանութեան ու թրքական պետութեան վարած քաղաքականութեան զանազան ծալքերուն վրայ։
Զեկուցողը մեծապէս գնահատեց Ճորճ Մէնէշեանի գիրքը, որուն ընթերցումը համառօտ՝ բայց միաժամանակ ընդգրկուն կերպով կու տայ երկու պետութիւններուն միջեւ ստեղծուած գործակցութեան համապատկերը։
Յաջորդաբար, խօսք առաւ յոյն-ամերիկեան HALC կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Թանոս Տաւելիս, որ իր խօսքը առաւելաբար կեդրոնացուց Միացեալ Նահանգներուն մէջ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի եւ HALC-ի միջեւ հաստատուած երկարամեայ գործակցութեան։ Խօսողը դրուատեց Հայ դատի յանձնախումբի գործունէութիւնը եւ յունական համայնքին հետ զուգահեռ կատարուող քաղաքական իրագործումները, մասնաւորապէս Հայոց եւ Յունաց ցեղասպանութեանց ճանաչումին ուղղութեամբ։
Վերջին խօսքը տրուեցաւ գիրքին հեղինակ Ճորճ Մէնէշեանին, որ շնորհակալական խօսքերով անդրադարձաւ «Արմենիքա» պարբերաթերթի անմիջական ներդրումին, պատմական աղբիւրներ հայթայթած հաստատութիւններուն եւ կարգ մը անձերու, որոնք սատարեցին հրատարակութեան ամբողջացման։ Ան իր խօսքը կեդրոնացուց վերջին 30-ամեակի միջպետական յարաբերութիւններուն վրայ, ընդգծելով, թէ Կովկասեան տարածաշրջանը սկսած է դառնալ շահագրգիռ մեծ պետութիւններու կռուախնձորը, ուր Հայաստան կը ստանայ իր իւրայատուկ դերն ու կարեւորութիւնը։ Ուրուագծելով մինչեւ հիմա հաստատուած հայ եւ յոյն երկկողմանի գործակցութեան ընթացքը, տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական արագ զարգացումներուն մէջ պատկերացուց Յունաստանը աւելի գործուն դեր ստանձնելու եւ հայ-յունական աւանդական կապերուն ընդմէջէն տարածաշրջանային կենսական ներկայութիւն որոնելու հրամայականը։
Հետաքրքրական եղաւ նաեւ հարց ու պատասխանի բաժինը, որուն ընթացքին լսուեցան ուշագրաւ հարցադրումներ, իսկ զրուցակիցները առիթը ունեցան աւելի ընդլայնելու գիրքի ներկայացուցած պատմական եւ աշխահաքաղաքական վերլուծումները։
Ճորճ Մէնէշեանի գիրքը կարելի է ստանալ «Արմենիքա» պարբերաթերթի գրասենեակէն, ինչպէս նաեւ «Ազատ Օր»-ի խմբագրատան միջոցով։