ԱՄՆ 60 Քոնկրեսական Երկրի Ղեկավարութեան Կոչ Կ՝ընեն Պատասխանատուութեան Ենթարկելու ազրպէյճանը Ռազմական Յանցագործութիւններուն Համար
ԱՄՆ 60 քոնկրեսական պաքուի մէջ ՄԱԿ-ի COP29 կլիմայական գագաթնաժողովի նախաշեմին կոչ կ՝ընեն ԱՄՆ-ի ղեկավարութեան պատասխանատուութեան ենթարկելու ազրպէյճանը ռազմական յանցագործութիւններու, պատանդներ վերցնելու եւ Հայաստանի տարածքի ապօրինի գրաւման համար։ Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը։
Յայտարարութիւնը նախաձեռնած են դեմոկրատ Ֆրենք Փալոնէն եւ հանրապետական Էտ Մարքին։
«Քանի որ համաշխարհային առաջնորդները պատասխանատուութիւն չեն կրած Արցախի մէջ ցեղասպան ցեղական զտումներուն համար, անոնք պարտաւոր են օգտագործելու COP29 գագաթնաժողովը որպէս հնարաւորութիւն՝ վերլուծելու ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու աղաղակող խախտումները եւ հակազդելու անոնց ցեղասպան վարչակարգի գործողութիւններուն»,- ըսած է Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան։
Հոկտեմբեր 3-ին, պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին ուղղուած նամակին մէջ ԱՄՆ ծերակուտականներն ու Քոնկրեսի ներկայացուցիչները յայտարարած են․«COP29-ի մօտենալուն առիթով մենք կը խնդրենք պետական քարտուղարութենէն ճնշում գործադրելու ազրպէյանի նախագահ իլհամ ալիեւի եւ ազրպէյճանի կառավարութեան վրայ՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ միջազգային օրէնքներու եւ չափանիշներու պահպանման ուղղուած շօշափելի միջոցներ ձեռնարկելու նպատակով: Կ՝ընդգծենք, որ հակառակ անհերքելի ապացոյցներուն եւ միջազգային դատապարտման, ազրպէյճանը չէ բախած որեւէ նշանակալի հետեւանքներու հետ՝ ցեղական զտումներ եւ այլ գործողութիւններ իրականացնելու համար»։
ԱՄՆ ծերակուտականներն ու քոնկրեսականները հաստատած են, որ 2020 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազրպէյճանի մահաբեր յարձակումը, Լաչինի միջանցքի 10-ամսեայ շրջափակումը եւ 2023 թուականի Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու զտումը կոպտօրէն խախտած են միջազգային իրաւունքը եւ յանգեցուցած զգալի ու շարունակուող մարդկային տառապանքներու։ Անոնք ընդգծած են, որ տեղահանուած քաղաքացիական անձերը պէտք է ապահով վերադարձի իրաւունք ունենան։