Հայ Գերիները Ազատելը Աւելի Դիւրին է, Քան Խաղաղութիւն Ստեղծելը․ Նուպար Աֆէյեան

Հայաստան, Սփիւռք

Կոմիտասի թանգարան-ուսումնարանի յարակից տարածքին վրայ, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան անմիջական ջանքերով, Սեպտեմբեր 30-ին բացուեցաւ Աւրորա Մարտիկանեանի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուած նահատակներու յուշակոթող քանդակ: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱՊԱՌԱԺ»-ը։

Գաղափարին հեղինակը «Աւրորա» բարեգործական նախաձեռնութեան ստեղծագործական խորհուրդի նախագահ, երգահան, արուեստագէտ եւ բարերար Մարինէ Ալէսն է, Ռուբէն Վարդանեանի քոյրը, իսկ քանդակագործը իտալահայ Վիգէն Աւետիսը:

Աւրորա Մարտիկանեանը երիտասարդ աղջիկ էր, որ, անցնելով Հայոց Ցեղասպանութեան սարսափներու մէջէն, կրցաւ նոր կեանք սկսիլ Ամերիկայի մէջ: Ան դարձաւ համր շարժանկարի դարաշրջանի հոլիվուտեան աստղ եւ բարերար: Անոր պատմութիւնը խորապէս յուզած էր Նուպար Աֆէյեանը, Վարդան Գրեգորեանն ու Ռուբէն Վարդանեանը, որոնք 2015 թ. որոշեցին ի պատիւ անոր անուանակոչել «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը, որը ստեղծուեցաւ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներուն անունով եւ իբրեւ երախտագիտութիւն անոնց փրկողներուն:

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէյեանը լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Այս յուշակոթող քանդակը կը պատկերէ թէ՛ մեր նախկին, թէ ներկայ իրականութիւնը, որ պէտք է յաղթահարենք եւ առաջ երթանք: «Աւրորա»-ի առաքելութիւնը նոյնն է եւ այսօր շատ կարեւոր է ամբողջ աշխարհին եւ Հայաստան աշխարհին:

Մենք՝ հայերս, կարեւոր դեր ունինք կատարելու ամբողջ աշխարհի առջեւ՝ իբրեւ ականատես եւ վերապրող ազգ: Սերունդները պէտք է այդ ուժը գտնեն եւ այդ կարեւոր փորձառութիւնը տրամադրեն աշխարհին ի նպաստ: Վերջին չորս տարին պատերազմի, ազրպէյճանի յարձակման պատճառով մենք հիմա մեծ ճնշումի տակ ենք, Արցախի 120 հազար ժողովուրդը տեղահան եղաւ իր երկրէն: Եւ այս օրերը ապրելու ու մեր պատիւը բարձր պահելու համար մենք մեր արմատներէն պէտք է ստանանք փորձառութիւնը, ուժը, որպէսզի յաղթահարենք այս փորձութիւնները»:

Անդրադառնալով գերիներու վերադարձին, Աֆէյեան նշեց․ «Ես կը կարծեմ, ի վերջոյ Հայաստան պետութիւնը գիտէ, որ կարեւոր է բանտարկեալները ազատելու վրայ աշխատիլ: Եւ կարեւոր է, որ յաջողութեան հասնի: Մեր բանտարկեալները ազատելը աւելի դիւրին է, քան խաղաղութիւն ստեղծելը: Դժբախտաբար, տարբեր շահեր կան այս խնդրին մէջ: Բայց, ի վերջոյ, պիտի հասնինք մեր նպատակին»: