«Մարդու Իրաւունքները ազրպէյճանի Մէջ. Հայ Կալանաւորներու Ճակատագիրը» Խորագիրով Քննարկում ԱՄՆ-ի Մէջ
Հոկտեմբեր 1-ին, ԱՄՆ-ի մէջ, կը կազմակերպուի «Մարդու իրաւունքները ազրպէյճանի մէջ. հայ կալանաւորներու ճակատագիրը» խորագիրով քննարկում, որուն հրաւիրուած են մասնակցելու Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը եւ Իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեանը։
Ձեռնարկը կը կազմակերպուի ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 57-րդ նստաշրջանին համընթաց։
Քրիստոնէական համերաշխութիւն միջազգային կազմակերպութեան կողմէ կազմակերպուած այս քննարկումը կը համաֆինանսաւորուի Իրաւունքի եւ արդարադատութեան եւրոպական կեդրոնի, Ամերիկայի հայկական համագումարի, Հայկական սահմանադրական իրաւունքներու պաշտպանութեան կեդրոնի, Հայ օգնութեան միութեան եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին կողմէ: