Կ․ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին Ժամանեց

Հայաստան, Սփիւռք

Սեպտեմբեր 27-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ժամանեց Կ․ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ․ Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը։ Պատրիարք հայրը պիտի մասնակցի Սրբալոյս Միւռոնի եւ Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւններուն։

Այս առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները Կ․ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը թափորով առաջնորդեցին Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ–մկրտարան, ուր կատարուեցաւ «Հրաշափառի» արարողութիւն։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետի պաշտօնակատար Հոգեշնորհ Տ․ Յարութիւն վարդապետ Կիրակոսեանը Մայր Աթոռի միաբանութեան անունով ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց Սահակ Պատրիարքին։

Այնուհետեւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը, գոհութիւն վերառաքելով առ Աստուած վերստին հայոց հոգեւոր կեդրոնին մէջ գտնուելու համար, իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան։

Ապա, Վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի առանձնազրոյցը: