Քոնկրեսի Շէնքին Մէջ Պահանջուեցաւ Արցախի Հայութեան Վերադարձը Երաշխաւորել Եւ պաքուն Պատասխանատուութեան Ենթարկել

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ նշելու համար անցեալ տարի կատարուած Արցախի դէմ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումին տարելիցը, 19 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի ցեղասպանութեան եւ հայաթափման առաջնորդած Պաքուի իշխանութիւնները պատասխանատուութեան ենթարկելու նպատակով հաւաք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին խումբ մը քոնկրեսականներ, համայնքային ղեկավարներ եւ Հայ Դատին հետ գործակցող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

«Հաշուետուութիւն 2024» խորագրուած հաւաքը, որ նաեւ պահանջեց Արցախէն բռնի տեղահանուած 120,000 հայութեան ապահով վերադարձը երաշխաւորելու միջոցներ, կարելի է դիտել www.youtube.com/watch?v=-pog9WO1iRI կայքէջին վրայ։

Հաւաքէն անմիջապէս առաջ, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերու առաւել քան 75 ներկայացուցիչներ վերոնշեալ նպատակները ջատագովելու նպատակով, քոնկրեսականներու հետ շարք մը հանդիպումներ ունեցան։

«Հաշուետուութիւն 2024» հաւաքին բացումը տպաւորիչ ելոյթով մը կատարեց Գէւ Իսքաճեան, որ Արցախի շրջափակման օրերուն, Արցախի Հանրապետութեան մէջ Հայ Դատի ներկայացուցիչն էր:

Այնուհետեւ խօսքեր արտասանեցին քոնկրեսականներ Կրէյս Մենկ, Ճուտի Չու, Կէյպ Ամօ, Աննա Էշու, Պրետ Շըրմըն, Ֆրենք Փալոն, Ճիմ ՄըքԿավըրն, Թամ ՄըքՔլինթաք եւ Ռաշիտա Թլէյպ, որոնք շեշտեցին հետեւեալ կէտերը.

  1. ազրպէյճանի ռազմական աջակցութիւնները կասեցնել.

 2. Պատերազմական ոճիրներով ամբաստանուած ատրպէյճանցի պաշտօնատարներու դէմ պատժամիջոցներ սահմանել.

3. Հետաքննել ազրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւանց ոտնահարումները.

 4. Երաշխաւորել Արցախի հայութեան ապահով վերադարձը՝ միջազգային հսկողութեան տակ.

 5. Մարդասիրական յատկանշական աջակցութիւն տրամադրել Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան։

Այս առիթով, քոնկրեսականներ Տէյվիտ Վալատաօ եւ Ճաշ Կաթիմըր եւս դատապարտեցին Արցախի ցեղասպանական արարքները։

Զգայացուց ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Արցախի մարդկային իրաւունքներու նախկին պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, որ շեշտեց, թէ հակառակ միջազգային համայնքին անբաւարար քայլերուն, Արցախի ժողովուրդին վերադարձը, Արցախի մշակոյթի պահպանութիւնը եւ բոլոր գերիներուն ազատ արձակումը ապահովելու նպատակով պայքարը պիտի շարունակուի։

Ձեռնարկը աւարտեցաւ Արցախի Դադիվանքի վանահայր Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննէսեանի աղօթքով։

Հաւաքին զուգահեռ տեղի ունեցաւ նաեւ ազրպէյճանի բռնարարքները վաւերագրած լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսը։